
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայ Ազգային Կոնգրեսը Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան շէնքին առաջ եւ այսուհետեւ ամէն Ուրբաթ պիտի կատարէ բողոքի ցոյցեր, որոնց ընդմէջէն ցուցարարները պիտի պահանջեն քաղաքական բանտարկեալներուն, յատկապէս Երեւանի Կենտրոն եւ Նորք Մարաշ համայնքներու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի տուած վճիռով 2-6 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած ՀԱԿի 4 գործիչներուն ազատութիւն տալ։
27 Յուլիսին արդէն տեղի ունեցաւ այս շարքի առաջին ցոյցը. ՀԱԿ խմբակցութեան պատգամաւորներ, խումբ մը գործիչներ անգամ մը եւս համախմբուեցան Դատախազութեան շէնքին մօտ եւ պահանջեցին անյապաղ արդարութիւն տնօրինել գործիչներ Տիգրան Առաքելեանին, Արտակ Կարապետեանին, Սարգիս Գէորգեանին եւ Դաւիթ Քիրամիջեանին հաշուոյն, եւ ազատ արձակել Տիգրան Առաքելեանը, որ գրեթէ տարիէ մը ի վեր բանտարկուած է։
Յիշեցնենք, որ 2008ի մարտեան իրադարձութիւններէն ետք ՀԱԿի գործիչներ ամէն Ուրբաթ բողոքի ցոյց կը կատարեն դատախազութեան շէնքին մօտ՝ պահանջելով ազատութիւն շնորհել այդ դէպքերուն ընթացքին ձերբակալուած քաղաքական գործիչներուն։