ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք Հինգշաբթի, Յուլիս 26ին միջազգային համայնքին կոչ ուղղեց Իրանի հիւլէական ծրագիրը տապալելու ձգտող ջանքերը արագացնելու՝ զգուշացնելով, որ եթէ Թեհրան յաջողի «հիւլէական սահմանը հատել, անոր դէմ դնելը աւելի դժուար պիտի դառնայ»: Ան յայտնեց, որ Իսրայէլ «ամէնէն բարդ մարտահրաւէրները կը դիմագրաւէ», նշելով, որ իր երկիրը «կրնայ ստիպուիլ Իսրայէլի ապահովութեան վերաբերեալ ճակատագրական որոշումներ որդեգրելու», մատնանշելով «դրացի արաբական երկիրներու մէջ ժողովրդային յեղափոխութիւններուն պատճառով անկայունութեան աճը»: «Հետզհետէ իսլամական ամառի վերածուած «արաբական գարնան» դէպքերը ցոյց կու տան, որ վճռական պահուն, անկեղծութեան պահուն կրնանք միայն մենք մեզի վստահիլ», ըսաւ ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.