ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Փոխգործակցութիւն-2012» խորագիրին տակ 3-8 Սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ կայանալիք զինավարժութիւններուն ներկայ գտնուելու հրաւէր ուղարկուած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ բոլոր պետութիւններու նախագահներու:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսած է, թէ տեղեակ չէ բոլոր նախագահներուն մասնակցութենէն՝ նկատի ունենալով երկրի ղեկավարներուն բազմազբաղութիւնը։
Զինավարժութիւններու նախապատրաստման եւ կազմակերպման ընդհանուր ղեկավարումը կը կատարէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը:
Անոր կողքին գործող ղեկավարման մարմինի կազմը կ՛որոշէ հայկական կողմը՝ համակարգելով ՀԱՊԿ Միաւորուած ղեկավարման մարմինին հետ, որուն մաս կը կազմեն ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարութիւններուն, համապատասխան նախարարութիւններու եւ գերատեսչութիւններու, զօրակազմերու հրամանատարութեան, ՀԱՊԿ անդամ իւրաքանչիւր պետութենէն ներգրաւուող զօրքերու ներկայացուցիչներ։