ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ».- «Միտք» վերլուծական կեդրոնէն կը տեղեկացնեն, թէ վերջերս լոյս տեսած են æաւախքի վերաբերող երեք նոր գիրքեր: Առաջին գիրքն է «æաւախքի Հիմնահարցի Մատենագիտութիւն»ը: Հեղինակները սոյն գրքոյկը կը համարեն æաւախքի պատմութեան եւ հիմնահարցի ուսումնասիրութեան վերաբերող նիւթերու հասցէները մէկտեղող եւ համահաւաք տեսքով ներկայացնող փորձ մը: Ի մի բերուած են միայն այն հրատարակութիւնները, որոնք կը ներկայացնեն գիրքեր, ժողովածոներ, զանազան ուսումնասիրութիւններ ու վերլուծական հրատարակութիւններ. յատուկ ուշադրութեան արժանացած է տուեալ շրջանի մամուլը: Գիրքը հասցէագրուած է նշեալ տարածաշրջանով զբաղող գիտնականներու, փորձագէտներու, ուսանողներու, ինչպէս նաեւ ջաւախքասէր ընթերցողներու լայն շրջանակի մը համար:
Երկրորդ գիրքը վերնագրուած է «Հայոց Հիւսիսային Դարպասները. Ջաւախք, Լոռի»: Հոն ներկայացուած նիւթերու ժողովածոն իրեն մէջ կ՛ամփոփէ Հայաստաի հիւսիսային գաւառներու մասին տարաբնոյթ տեղեկութիւններ: Այդ գաւառները այսօր ամբողջովին կամ մեծաւ մասամբ ներառուած են ներկայ Վրաստանի կազմին մէջ: Վերջիններուս պատմական անցեալի եւ քաղաքական ներկայի մասին լուսաբանումները՝ միջազգային իրաւական չափանիշերու լոյսին տակ, ըստ հեղինակներուն՝ կու տան շատ հարցերու պատասխաններ: Հեղինակները կը յայտնեն, թէ այս հրատարակութիւնը շարունակական բնոյթ պիտի ունենայ:
Երրորդը՝ «Ջաւախքի Ժողովրդական Հեքիաթներ Եւ Զրոյցներ» գիրքն է: Այս պատկերազարդ գրքոյկին մէջ տեղ գտած են æաւախքի ժողովրդական 17 հեքիաթներ, 12 կարճ պատմութիւններ եւ 11 զրոյցներ: æաւախքի ժողովրդական բանահիւսութեան այս եզակի գանձերը իրենց մէջ կը պարունակեն Ջաւախքի նիստ ու կացի, կենցաղի ու տարբեր սովորութիւններու արտայայտչաձեւերը: Նիւթերուն մէջ կը գերիշխէ արդարութիւնը, որ արտայայտուած է թագաւորի, արդար դատաստաններու, դաւաճանները անխնայ պատժելու պատկերներուն ընդմէջէն: Նման հեքիաթներ վառ ապացոյցն են այն բանին, որ արդարութեան վեհ ու մարդկային զգացումը ի սկզբանէ արմատացած է ջաւախքահայութեան գիտակցութեան մէջ:
Այս հեքիաթները անփոխարինելի շտեմարան մըն են անոնց համար, որոնք կ՛ուզեն առաւել մօտէն ծանօթանալ հայոց բարբառներէն մէկուն՝ «կը» ճիւղին պատկանող Կարնոյ բարբառին, որմէ քիչ կը տարբերի æաւախքի (Ախալցխա-Ախալքալաք-Ծալկայի) գաւառաբարբառը:
Գիրքի հեղինակներէն մէկը՝ Վահէ Սարգսեան, կը յայտնէ, թէ հնարաւոր է հրապարակի վրայ ըլլան նաեւ æաւախքի ժողովրդական բանահիւսութեան մասին այլ գործեր, որոնք կը համապատասխանեն այս հրատարակութեան բովանդակութեան, հրատարակուած են տարբեր վայրերու մէջ, սակայն, մինչ օրս «Միտք» կեդրոնին համար մնացած են անյայտ: «Շնորհակալ կը լինենք, եթէ այդպիսիք յայտնաբերուելու դէպքում՝ փոխանցուեն մեզ: Վերջիններս անպայման կը կցուեն սոյն ժողովածուի նիւթերին եւ կը վերահրատարակուեն», կ՛աւելցնէ Վ. Սարգսեան:
Նշեալ գիրքերը կարելի է ընթերցել՝ այցելելով հետեւեալ կայքէջերը.
1. «Ջաւախքի Հիմնահարցի Մատենագիտութիւն»՝
http://javakhk1915-23.com/files/Melkonyan_Javakhki_matenagitutyun.pdf
2. «Հայոց Հիւսիսային Դարպասները. æաւախք, Լոռի»՝
http://www.javakhk1915-23.com/files/Javakhk_Lori_7.pdf
3. «Ջաւախքի Ժողովրդական Հեքիաթներ Եւ Զրոյցներ»
http://javakhk1915-23.com/files/Javakhki%20heqiatner.pdf