ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի հանրակրթութեան վարչութեան 2012 թուականի աշխատանքային ծրագիրի հ. 67 («Նախադպրոցական ուսումնական հաստատութիւնների, այսուհետ մանկապարտէզների, սն-նդամթերքի որակի եւ տեսականու նկատմամբ վերահսկողութիւն»), հ 74 («Երեխաների ամառային կոփիչ միջոցառումների վերահսկում») եւ հ.77 («Երեխաների կարգացոյցի (ռեժիմի) պահպանման վերահսկում») կէտերուն հիման վրայ կարգ մը մանկապարտէզներու մէջ կատարուած են ուսումնասիրութիւններ եւ մանուկները հաշուըւած են։
Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, ուսումնասիրութիւններէն ի յայտ եկած տուեալներուն եւ կատարուած խախտումներուն պատճառով Շէնգաւիթ վարչական շրջանի թիւ 136 մանկապարտէզի տնօրէն Կարինէ Ջանոյեան ստացած է խիստ նկատողութիւն, 137 մանկապարտէզի տնօրէն Մելանեա Աբրահամեան՝ նկատողութիւն, իսկ թիւ 143 մանկապարտէզի տնօրէն Մարինէ Յարութիւնեան աշխատանքէ արձակուած է։
Ինչպէս նաեւ Էրեբունի վարչական շրջանի թիւ 65 մանկապարտէզի տնօրէն Զարուհի Սաֆարեան եւ թիւ 67 մանկապարտէզի տնօրէնի տեղակալ Կարինէ Ապերեան ստացած են նկատողութիւն:
Կատարուած ուսումնասիրութիւններուն լոյսին տակ աշխատանքէ արձակուած է Կենտրոն վարչական շրջանի թիւ 15 մանկապարտէզի տնօրէն Քրիստինէ Յունանեան: