
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայոց Մեծ եղեռնի, հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ջարդերու, բռնութիւններու եւ Արցախեան պատերազմի մասին փաստագրական նիւթերու հաւաքածոյ մըն է անուանի հրապարակախօս Անժելա Սահակեանի «Ճշմարտութեան պարտադրանքով» գիրքը, որուն շնորհահանդէսը 14 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Գրողներու միութեան կեդրոնին մէջ:
«Այս գրքով Անժելան լուրջ յայտ է ներկայացնում ժամանակակից հայ գրականութեան մէջ, գիրքը եւս մէկ քար է ցեղասպանութեան ճանաչման «պատին», որպիսին իւրաքանչիւրը պէտք է դնի», յայտնած է Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան: Անոր համաձայն, գնահատելի է այն մտայղացումը, որով առաջնորդուած է հեղինակը եւ այն սկզբունքը, որով ան առաջնորդուած է պատմական ճշմարտութիւններուն մասին պատմող բոլոր նիւթերը համախմբելու ատեն:
Անանեան դիտել տուած է, որ գիրքը առանձնայատուկ արժէք է ականատեսներու վկայութիւններու՝ աւելցնելով, որ գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ դիւանագէտներու խօսքեր, ժամանակակից մամուլէն եղած քաղուածքներ, գրողներու յուզական արձագանգներ:
«Այս գիրքն արժանի է ընթերցողների լայն շրջանակի ուշադրութեանը, այն կարող է ունենալ շարունակութիւն, քանի որ Հայոց Եղեռնի մասին շատ օտար հեղինակներ են գրել եւ գրում: Սա կարող է դառնալ առաջիկայ հրատարակութիւնների առաջին հատորը», դիտել տուած է «Ճշմարտութեան պարտադրանքով» ժողովածուի խմբագիր Արեւշատ Աւագեան:
Հեղինակային հրապարակումներու կողքին Սահակեանի գիրքը կը ներկայացնէ ականատեսներու վկայութիւններ, փաստաթուղթեր եւ վաւերագիրներ՝ անժխտելի հիմնաւորումներով:
Գիրքը կը պատմէ 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան մասին, որ գործադրուած է Օսմանեան կայսրութեան կողմէ: «Բոլոր նիւթերն օգտագործել եմ առանց փոփոխութիւնների՝ պահպանելով արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը», գրած է հեղինակը գիրքի յառաջաբանին մէջ:
Անիկա բաղկացած է երկու մասերէ։ Առաջին մասը կը կոչուի «Ճշմարտութեան պարտադրանքով գրուած բաց նամակներ՝ ուղղուած աշխարհին», ուր կը ներկայացուին արիւնալի կոտորածները՝ օտար ականատեսներու վկայութիւններով եւ փաստերով:
Երկրորդ՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը շարունակւում է» բաժինին մէջ անդրադարձ կատարուած է Սումգայիթի, Պաքուի ջարդերուն, Արցախի ազատագրական պայքարին եւ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման:
Ժողովածուն յառաջիկային պիտի թարգմանուի ֆրանսերէն, անգլերէն, գերմաներէն, ռուսերէն եւ թրքերէն լեզուներու։