Վաւերագրական ֆիլմերու երիտասարդ բեմադրիչ Արամազտ Գալայճեան նախաձեռնած է ֆիլմի մը ծրագիրին, որ նուիրուած է Եթովպիոյ հայերուն:
Ֆիլմին իբրեւ հիմք առնուած է Եթովպիա ապրող հայ համայնքի ներկայացուցիչներու կեանքը: Զրոյցի ընթացքին անոնցմէ մէկը՝ Երուանդ Քուրաճեան անունով, կը պատմէ, թէ ինք հին հայկական ընտանիքի ժառանգորդն է եւ վերջին սերունդի ներկայացուցիչը:
Ցայսօր չլուսաբանուած հայկական Սփիւռքի այս էջին մասին եղող ֆիլմը իր աւարտին հասցնելու համար Գալայճեան հիմնած է կայքէջ մը՝ համապատասխան համացանցային կայքին վրայ, որ կը զբաղի մշակութային հետաքրքրական ծրագիրներու համար ֆինանսական միջոցներ հայթայթելու գործով. այնտեղ, ոեւէ անհատ կրնայ նուիրատուութիւն կատարել տեղակայուած ծրագիրի օգտին:
Արամազտ Գալայճեանի ֆիլմի ծրագիրին խորագիրն է՝ «TEZETA (The Ethiopian Armenians)», իսկ կայքէջի հասցէն է՝ http://www.kickstarter.com/projects/552004009/t-e-z-e-t-a-the-ethiopian-armenians/posts/271891:
Նշենք, որ Արամազտ Գալայճեանի սոյն վաւերագրական ֆիլմին համար վերոնշեալ կայքէջին վրայ նախատեսուած նուիրահաւաքի 10,000 տոլար գումարի ճշդուած սահմանը ժամկէտէն առաջ անցած է՝ հասնելով աւելի քան 11,000 տոլարի: