
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսուչ Նարեկ արք. Այլեէմէզեանի Արեւմտեան թեմ գտնուելու առիթէն օգտուելով եւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Կիրակի, Օգոստոս 5ի երեկոյեան ժամը 5ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ Դպրեվանքին մասին դասախօսութիւն մը տրուեցաւ Նարեկ արք. Այլեէմէզեանի կողմէ: Դասախօսութեան ներկայ էին թեմի հոգեւորականաց դասը, դպրեվանքի նախկին սանուց միութեան անդամներ, սարկաւագներ եւ հաւատացեալներ։

Բացման եւ բարի գալստեան խօսք արտասանեց եկեղեցւոյ հովիւներէն Վազգէն քհնյ. Աթմաճեանը, որմէ ետք ներկաները յոտնկայս միասնաբար երգեցին «Սիրտ Ի Սիրտ»

դպրեվանքի քայլերգը, ապա դասախօսը բեմ հրաւիրուեցաւ՝ փոխանցելու իր խօսքը։
Սրբազանը ամփոփ կերպով պատմականը ըրաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին եւ լայն բացատրութիւններ տուաւ տարուած աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին։ Ան յատկապէս կանգ առաւ յառաջիկայ տարեշրջանին համար ճշդուած ծրագիրի մը վրայ՝ նշելով, որ Դպրեվանքին մէջ պիտի բացուի 20էն 25 տարեկան երիտասարդներու համար յատուկ դասարան մը, որուն կրնան միանալ տարբեր գաղութներէ ուսանողներ։ Արեւմտեան թեմէն արդէն իսկ երկու երիտասարդներ դիմած են միանալու այդ դասարանին։
Իր խօսքի աւարտին, Նարեկ սրբազանը անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ Դպրեվանքը ոչ միայն հոգեւորականներ կը պատրաստէ, այլ նաեւ՝ աշխարհական ղեկավարներ, տնօրէններ, ուսուցիչներ, դպրապետներ ու մեր ազգին եւ եկեղեցւոյ անդաստաններուն մէջ նուիրեալ առաքեալներ։ Սրբազան հայրը կոչ ուղղեց ներկաներուն՝ իրենց պատանի եւ երիտասարդ զաւակները ուղղարկելու Դպրեվանք, որպէսզի անոնք ալ դառնան մեր ապագայի հոգեւոր եւ աշխարհական առաջնորդները։
Հանդիսավար քահանայ հայրը բեմ հրաւիրեց առաջնորդը, որպէսզի իր փակման խօսքը փոխանցէ։ Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Նարեկ սրբազանին, որ ընդառաջած էր դասախօսութեան սոյն հրաւէրին եւ մեզի հրամցուցած այս գեղեցիկ ու համապարփակ դասախօսութիւնը։ Առաջնորդը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ Դպրեվանքը բոլորին սիրտերուն մօտիկ հաստատութիւն է եւ ըսաւ, թէ անցած տարիներուն, Դպրեվանքի նախկին սանուց միութեան գործունէութեան ընդմէջէն, «մեր սրտակցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնած ենք դպրեվանքին, ու պիտի շարունակենք նոյն յանձնառութեամբ եւ սիրով զօրավիգ կանգնիլ մեր սիրելի դպրեվանքին»։ Ան այս առիթով կոչ ուղղեց բարձրագոյն ուսումով ու հոգեւոր սնունդով հետաքրքրուող երիտասարդներուն, որ օգտուին Դպրեվանքի յարկին տակ ստեղծուած առիթէն։
Առաջնորդին թելադրանքով՝ ներկաները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա»ն եւ այսպիսով դասախօսութիւնը իր աւարտին հասաւ։