Քանի մը օր առաջ «Հայբիզնեսբանկ»ը, համաձայն ընկերային պատասխանատուութեան ոլորտին մէջ իր որդեգրուած քաղաքականութեան, հոգացած էր 150 սուրիահայ երեխաներու ամառնային արձակուրդը Հայաստանի մէջ կայացնելու տեղափոխման ծախսերը:
15 Օգոստոսին «Հայբիզնեսբանկ»ի խումբ մը աշխատակիցներ ուղղուեցան դէպի Հանքաւան առողջավայրի «Յասմիկ» ճամբար, ուր կը գտնուէին նախորդող օրերուն Դամասկոսէն Հայաստան եկած մանուկներն ու պատանիները։ Դրամատան ներկայացուցիչները ողջունեցին հիւրերը, ծանօթացան անոնց առօրեային, ներկայացուցին երեխաները հետաքրքրող դրամատնային ծառայութիւններ: