
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Կիրակի, Օգոստոս 5ին, Սան Ֆրանսիսքոյի Սուրբ Յովհաննէս Հայց. եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ մատոյց ծուխի հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Աշ, իսկ արարողութեանց հանդիսապետեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան:
Սրբազան հայրը պատարագի ընթացքին ընթերցեց Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի կողմէ հայրապետական օրհնութեան գիրը՝ յղուած Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմէն եւ Սուրբ Յովհաննէս Հայց. եկեղեցիէն ներս երկարամեայ ծառայութիւն մատուցող մեծայարգ Չարլզ Թադէոսեանի ծննդեան 90ամեակին առթիւ:
Սրբազան հայրը իր գնահատութիւնը եւ շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Չարըլզ Թադէոսեանին եւ կնոջ՝ Մերիին, ապա կատարեց իր խորհրդածութիւնները՝ նուիրուած ծառայութեան խորհուրդին:
Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ սրահին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ուր հաւատացեալներ առիթը ունեցան անձամբ շնորհաւորելու Չարըլզ Թադէոսեանը եւ բարեմաղթութիւններ կատարելու: Թադէոսեան իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց կաթողիկոսին եւ յատուկ շնորհակալութիւնները՝ առաջնորդին, զինք այս պատիւին արժանացնելու առթիւ: