ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի աւագ խորհրդատու Արշատ Հիւրմիւզլիւ Ուրբաթ, Օգոստոս 17ին հաղորդեց, թէ Լիբանանի մէջ առեւանգուած է երկրորդ թուրք քաղաքացի մը, մինչ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը զգուշացուց իր քաղաքացիները Լիբանան այցելելէ:
Նոյն օրը, Սուրիական ազատ բանակի զինուորական խորհուրդը հերքեց այն լուրը, թէ իր զինեալները առեւանգած են լիբանանցի Հասսան Մըքտատը, որուն վերադարձը պահանջող զինեալները Չորեքշաբթի օր առեւանգած էին աւելի քան 20 սուրիացիներ եւ թուրք մը:
Մըքտատ ընտանիքի բանբեր Մահեր Մըքտատ Ուրբաթ օր յայտնեց, թէ ընտանիքը ոչ մէկ կապ ունի Հինգշաբթի երեկոյեան տեղի ունեցած թուրք քաղաքացիի մը եւ լիբանանցի քաղաքացիի մը առեւանգումին հետ:
Միւս կողմէ՝ Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Ուրբաթ օր հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի հետ, անկէ խնդրելով նպաստել Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու հարցի լուծման: Կը կարծուի, թէ առեւանգեալները Թուրքիա կը գտնուին:
Միւս կողմէ՝ Լիբանանի մօտ Քուէյթի դեսպանատունը հաղորդեց, թէ Լիբանան գտնուող քուէյթցիներուն մեծ մասը հեռացած է Լիբանանէն:
Սուրիոյ մէջ, Ուրբաթ օր հաղորդուեցաւ, թէ սուրիական բանակը Հալէպի Սէյֆուլտաուլա թաղամասին մէջ դանդաղ կերպով կը յառաջանայ՝ գրաւելով ըմբոստներուն դիրքերը, միաժամանակ իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ առնելով Հալէպի օդակայանի ճամբան:
Նաեւ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա Սուրիոյ շուրջ «լուրջ քննարկումներ կատարած են»՝ առանց մանրամասնելու:
Ըստ բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» թերթին՝ ամերիկեան բանակը յորդանանեան ուժեր կը մարզէ, առ ի պատրաստութիւն Սուրիա միջամտութեան մը կարելիութեան: