ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Ուրբաթ, Օգոստոս 10ի երեկոյեան, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը, ի պատիւ Ֆրեզնօ այցելած Նարեկ արք. Այլեէմէզեանի, «Վենիու» ճաշարանին մէջ ընթրիք մը կազմակերպած էր՝ ներկայութեամբ շրջանիս հոգեւոր հովիւ Վահան քահանայ Կոստանեանի, հոգաբարձութեան անդամներուն, բարեկամներու եւ ծանօթներու:
Հոգաբարձութեան ատենապետ Վարուժան Տէր Սիմոնեան, բարի գալուստի իր խօսքին մէջ ծանօթութիւններ փոխանցեց սրբազանի կեանքին եւ գործունէութեան մասին, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ ան ընդառաջած էր հոգաբարձութեան հրաւէրին՝ Ֆրեզնոյի մէջ աւանդական Խաղողօրհնէքի պատարագը մատուցանելու:
Ընթրիքի ընթացքին խօսք առին նաեւ հոգաբարձութեան անդամներ եւ սրբազանի բարեկամները: Ապա, Նարեկ սրբազան խօսք առնելով՝ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց եւ ըսաւ. «Շատ ուրախ եմ, որ շրջապատուած եմ բարեկամներով եւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ժառանգաւորաց վարժարանի շրջանաւատներով ու դասընկերներով, որոնք ապրած ու գործած են Մայրավանքին մէջ. այժմ ինքզինքս հարազատ իմ տան մէջ կը զգամ»:
Բարեկամական այս մթնոլորտը աւելի ջերմացաւ, երբ ճաշարանի տէրը, երբեմնի «Մարտիկեան» վարժարանի շրջանաւարտ աշակերտը, մօտենալով սրբազանին՝ խնդրեց, որ օրհնէ իր ճաշարանը: Սրբազանը սեղանին վրայ դրուած հացը, աղն ու ջուրը օրհնեց, ապա իր շնորհաւորական մաղթանքներէն ետք յաջողութիւն մաղթեց անոր:
Մինչեւ ժամը 11, բարեկամական մթնոլորտը շարունակուեցաւ՝ վերյիշեցնելով անցեալի քաղցր յիշատակները. բոլորը գոհունակ եւ ժպտերես հեռացան ճաշարանէն:
Կիրակի, Օգոստոս 12ին, առաւօտեան ժամը 10ին, Հայկական Ծերանոցի ծառաստանի անդորրութիւնը ամբողջովին փոխուած էր. ծառաստանը այս առաւօտ լի էր հաւատացեալներու ծովածաւալ բազմութեամբ, որ եկած էր Լոս Անճելըսէն եւ մօտակայ գիւղերէն: Անոնք երկիւղածութեամբ կը հետեւէին պատարագի արարողութեան. խորանին շուրջ բոլորուած սարկաւագներու եւ դպրաց դասի երգերուն հետ, բուռվարներէն քուլայ-քուլայ բարձրացող խունկի ծուխը կը բարձրանար ծառերու կանաչազարդ տերեւներէն վեր, դէպի երկինք, կազմելով ներդաշնակ համոյթ մը՝ աստուածային ողորմութենէն խնդրելով «Տուր աշխարհիս խաղաղութիւն, ազգիս հայոց՝ սէր միութիւն»:
Հակառակ Ֆրեզնոյի տաքին, որ այդ օրը 109 աստիճան էր, սարկաւագները, դպրաց դասը կ՛երգէին հեզասահ, իսկ պատարագիչ սրբազանը, դէպի ժողովուրդը դառնալով՝ իր հայրական օրհնութիւնը կը բաշխէր:
Այսպէս իրարու կը յաջորդեն պատարագի երգերը, կը կարդացուի վերջին Աւետարանը, տեղի կ՛ունենայ Խաղողօրհնէքի արարողութիւնը, ապա սրբազանը խորան բարձրանալով իր պատգամը կը փոխանցէ…:
Սրբազան հայրը իր շնորհակալութիւնը յատնելէ եւ օրուան պատգամը փոխանցելէ ետք, անդրադարձաւ Անթիլիասի վանքին եւ Ժառանգաւորաց վարժարանի կատարած աշխատանքներուն եւ ըսաւ. «Անթիլիասի Մայրավանքն ու Ժառանգաւորաց վարժարանը, Սփիւռքի բաբախուն սիրտն են, ուր կը պատրաստուին Հայոց Ազգի նուիրեալ անձնաւորութիւնները»: Ան թելադրեց, որ մեր ժողովուրդը աշխատանք տանի, որպէսզի Ժառանգաւորաց վարժարանի ուսանողներուն թիւը բազմանայ: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, թէ Ֆրեզնօ այդ քայլը առած է արդէն, եւ Սեպտեմբերին, Անթիլիասի Ժառանգաւորաց վարժարանը ֆրեզնոցի ուսանող մը պիտի ընդունի:
Սրբազանին պատգամէն ետք, ժողովուրդը օրհնուած խաղողի ողկոյզներ առնելով հեռացաւ խորանէն, եւ սեղաններուն շուրջ բոլորուած՝ հանդիսատես դարձաւ օրուան յայտագիրին… նուագ, պար եւ կերուխում: Այսպէս, Ֆրեզնոյի տաք մթնոլորտը, երգերով, պարերով եւ կերուխումով առաւել ջերմացաւ եւ շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյ:
Ֆրեզնոյի Հայկական Ծերանոցը, վերստին կը ստանայ անդորրութիւնը եւ երեկոյեան մթութիւնը կամաց-կամաց կը տիրապետէ, ծառաստանի ծառերը կ՛աներեւութանան մթութեան մէջ:
Պատարագիչ սրբազան հայրը ներկայիս կը վարէ Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու վարիչի պաշտօնը, ինչպէս նաեւ Տեսչութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ժառանգաւորաց վարժարանին:
Ֆրեզնոյի հայկական գաղութը յաջողութիւն եւ առողջութիւն կը ցանկայ ձեզի: