
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- «Լեւիթ Փըւլիըն»ի (Levitt Pavilion) ամառնային համերգներու շարքին մաս կազմող ձեռնարկի մը ընթացքին, «Պէյ Ռու», ինչպէս նաեւ շարք մը հիւր կատարողներ ելոյթ պիտի ունենան Ուրբաթ, Օգոստոս 24ի երեկոյեան, ժամը 8էն 10ի միջեւ:
Համերգները տեղի կ՛ունենան Փասատինայի «Մեմորիըլ» զբօսայգիին (Memorial Park) մէջ, որ կը գտնուի Ռէյմընտ եւ Հոլի թաղամասերուն անկիւնը:
«Պէյ Ռու»ի կողքին ելոյթ պիտի ունենան Արտիոմ Մանուկեան, Անդրանիկ Քիզիրեան, Վարդան Յովսէփեան եւ Նարեկ Յովսէփեան: Մուտքը ազատ է: