ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանի Իսլամական խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւորի գրասենեակէն ստացուած տեղեկատուութեան համաձայն՝ վերջերս պատգամաւոր դոկտ. Կարէն Խանլարեան, ընկերակցութեամբ Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Ռոբերտ Բեգլարեանի, ստորագրած են գրութիւն մը՝ յղուած խորհրդարանի Հետազօտութիւններու կեդրոնի նորընտիր նախագահ դոկտ. Քազեմ æալալիին:
Նամակին մէջ անոնք բացատրած են, որ տարածաշրջաններուն մէջ տիրող անլուծելի բարդութիւնները հարթելու միջոցներէն մէկը՝ մեծ պետութիւններու ձեռքով այդ տարածաշրջաններու ցեղային-ազգային խմբաւորումներու ոչնչացումն է, որ ՄԱԿի 1948 թուականի համաժողովին կողմէ որակուած է որպէս «ցեղասպանութիւն»:
Նամակին մէջ նշուած է. «Պատմական առումով՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդեցին ասորիներու, քիւրտերու, Թուրքիոյ ալաուիներու կոտորածները, հրեաներու Ողջակիզումը, Քամպոտիոյ զանգուածային կոտորածը, կարմրամորթներու բնաջնջումը, պոսնիացիներու, թութսիներու ոչնչացումը եւ ներկայիս Միանմարի իսլամներու վերացումը. անոնք նշուած հակամարդկային քաղաքականութիւններու հերթական զոհերն են»:
Գրութեան մէջ իրանահայ պատգամաւորները Իսլամական խոր-հրդարանի Հետազօտութիւններու կեդրոնի նախագահին առաջարկած են, որ կեդրոնը իր աշխատանքային օրակարգին վրայ աւելցնէ ցեղասպանութիւններու չարաբաստիկ երեւոյթի պատմական դրդապատճառներու, քաղաքական պայմաններու, միջոցներու եւ իրաւական հիմունքներու հետազօտութիւնն ու զեկուցումը: