Լոս Անճելըսի մէջ չորս հայեր ձերբակալուած են, ուրիշներու անձնական տուեալները գողնալու եւ շահագործելու ամբաստանութեամբ: Ձերբակալուած են՝ 42ամեայ Վարդան Մկրեան, 28ամեայ Վահէ Յարութիւնեան, 58ամեայ Խաչիկ Քարաբաջաքեան եւ 24ամեայ Սեդրակ Քարաբաջաքեան:
Երկարատեւ հետաքննութեան ընթացքին, իրաւապահները նկատած են, թէ ամբաստանեալները վառելանիւթ կը գնեն քանի մը կայաններէ, օգտագործելով ուրիշներու ինքնութիւնը: Ամբաստանեալները գողցած են մօտաւորապէս 50 հոգիի անձնական տուեալները, պատճառելով 50,000 տոլարի վնաս: ԱՆոնք կրնան մինչեւ 10 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ: