
«Արմինիըն Ուիքլի»ի մէջ իր գրած յօդուածով, Շանթալ Տէր Պօղոսեան լուսարձակի տակ առած է այն հայերը, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած են վերջերս Հրատ ղրկուած նորագոյն հետախուզական գործիքի առաքելութեան:
Երկար ճամբորդութենէ մը ետք, Օգոստոս 5ին Հրատ հասած «Հետաքրքրութիւն» անունը կրող նորագոյն գործիքը, իրեն մէջ ունի ցարդ Հրատ ղրկուած առաքելութեանց ամէնէն արդիական սարքաւորումնները, որոնց միջոցաւ գիտական շարք մը ուսումնասիրութիւններ պիտի կատարուին «կարմիր մոլորակ»ին վրայ, Երկիր մոլորակէն գիտնականներու հետ համագործակցաբար:
Այս առաքելութիւնը իրականացուցած Փասատինայի JPL հիմնարկի գիտնականներու փաղանգին մէջ կան 14 հայ գիտնականներ, որոնք յատկանշական նպաստ բերած են տարբեր բնագաւառներու մէջ: Անոնք են՝ Արփի Կարապետեան, Աւօ Տէմիրճեան, Վաչէ Որբերեան, Ալֆրետ Խաշաքի, Ֆելիքս Սարգիսեան, Հրայր Այնթէպլեան, Կարէն Խանոյեան, Ռիչըրտ Օհանեան, Սերժիկ Ծատուրեան, Վազրիկ Ղարախանեան, Գայիանէ Ղազարեանց, Հենրի Յարութիւնեան, Արմէն Դուրեան, Զարեհ Կորճեան: