ԵՐԵՒԱՆ, «Թեր»չ.- Հայաստանի ոստիկանութիւնը պարզաբանումներ փոխանցած է «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ աւելի քան մէկ օր հանգրուանած սուրիահայ ինը հոգինոց ընտանիքի մը վերաբերեալ, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեանի խօսքով՝ «յայտնուած է փակուղղի մէջ»: Իրավիճակին մասին ՀՀ ոստիկանութիւնը նշած է, որ Հայաստան ժամանած ընտանիքին 9 անդամները չեն ներկայացուցած իրենց ազգութեամբ հայ ըլլալու փաստը հիմնաւորող որեւէ փաստաթուղթ:
Ըստ «Հայկական ժամանակ» օրաթերթին՝ սահմանապահները Թուրքիայէն ժամանած այս ընտանիքին թոյլ չեն տուած մուտք գործելու Հայաստան, որովհետեւ երեխաները ունին արաբական ազգանուններ՝ անոնց հայրերը քրիստոնեայ արաբներ ըլլալով:
Ֆիրտուս Զաքարեան իր կարգին նշեց, թէ երեխաներու ծննդեան վկայականներուն մէջ «Ազգութիւն» պահանջող տողին տակ նշուած է «արաբ», հետեւաբար, ընտանիքը «վիզա» պէտք է ստանայ ոչ թէ Հայաստանի սահմանէն, այլ՝ այն երկրի տարածքէն, ուրկէ եկած է: Նշենք, որ Արաբական աշխարհին մէջ երեխաներու ազգութիւնը կ՛որոշուի հօր ազգութեան հիման վրայ, եւ տուեալ պարագային՝ այս երեխաները ազգութեամբ արաբ կը համարուին:
Ոստիկանութեան բացատրութեամբ՝ «Օտարերկրացիներու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 9րդ յօդուածով Սուրիան նոյնպէս ընդգրկուած է այն երկիրներու ցանկին մէջ, որոնց քաղաքացիները մուտքի արտօնութիւն (վիզա) ստանալու համար կրնան դիմել միայն օտարերկրեայ պետութիւններու մօտ ՀՀ դիւանագիտական ծառայութեան մարմիններու եւ հիւպատոսական հիմնարկներու, իսկ նոյն օրէնքին մէջ կատարուած փոփոխութիւնը, որուն համաձայն նշուած պետութիւններու ազգութեամբ հայ քաղաքացիները, առանց հրաւէրի, Հայաստանի սահմանային անցման կէտերուն «վիզա» կրնան ստանալ, կը վերաբերի միայն ազգութեամբ հայերուն:
Նաեւ, ՀՀ կառավարութիւնը 2012ի Յուլիս 26ին սահմանեց ազգութեամբ հայ ըլլալու հանգամանքը հիմնաւորող փաստաթուղթերու ցանկը: Անոնք են՝ ազգութեամբ հայ ըլլալու վերաբերեալ նշում պարունակող անձնագիր կամ միջազգայնօրէն ճանչցուած ճամբորդական փաստաթուղթ (անցագիր), ազգութեամբ հայ ըլլալու վերաբերեալ նշում պարունակող ծննդեան վկայական, ազգութեամբ հայ ըլլալու հանգամանքը հաստատող այլ փաստաթուղթ, որ հաստատուած ըլլայ օտարերկրեայ պետութիւններու մօտ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան կամ հիւպատոսական հիմնարկին կողմէ:
Ընտանիքի անդամները հաւանաբար այսօր ետ ուղարկուին Թուրքիա: