ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան 29 Օգոստոսին գլխաւորած է աւագ դպրոցներու տնօրէններու օգոստոսեան խորհրդակցութիւնը:
Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն, Աշոտեան նախ շնորհակալութիւն յայտնած է տնօրէններուն՝ նախորդ տարուան աշխատանքին համար եւ ըսած է. «Բոլոր խնդիրներով հանդերձ մեզ յաջողուեց ապահովել անցումը 12ամեայ համակարգին, անցած ուսումնական տարում մենք ունեցանք առաջին 12րդ դասարանը: Թէեւ դեռեւս կան բազմաթիւ չլուծուած խնդիրներ եւ այս փոփոխութեան հանրային ընկալումը միանշանակ դրական չէ, բայց հերքելով բոլոր ասեկօսէները, ուզում եմ շեշտել, որ 12ամեայ կրթութեան համակարգը յետադարձ չունի: Հերթական անգամ յայտարարում եմ, որ խօսակցութիւններն այն մասին, թէ 12ամեայ կրթութեան համակարգից կրկին անցում է կատարուելու 11ամեայ կամ 10ամեայ համակարգի, ընդամէնը խօսակցութիւններ են: Մենք դեռեւս փորձարկման փուլում ենք եւ ես դժուար է առայժմ յայտարարել, թէ 12ամեայ կրթութեան համակարգը կայացել է: Այդ համակարգի առաջին շրջանաւարտները մենք կ՛ունենանք 2018 թուականին: Իսկ մինչ այդ, ուժերի համատեղմամբ պէտք է լուրջ աշխատանք տանենք կրթական ծրագրերի, դասագրքերի, գնահատաման համակարգի եւ այլ խնդիրների բարելաւման ուղղութեամբ»:
Նախարարը շեշտը դրած է կրթութեան որակի բարելաւման հարցին վրայ՝ նշելով, որ այս տարի աւագ դպրոցներու աշակերտներու կրթութեան կազմակերպման համար կառավարութեան կողմէ յատկացուող նիւթականը աւելցած է։
Խորհրդակցութեան ընթացքին նախարարը անդրադարձած է նաեւ սուրիահայ երեխաներու կր-թութեան կազմակերպման գործին եւ յանձնարարած տնօրէններուն՝ անոնց համար ապահովելու բոլոր պայմանները. ան դիտել տուած է, որ սուրիահայ երեխաները կրնան իրենց կրթութիւնը ստանալ իրենց ուզած դպրոցին մէջ։
«Ձեր առաջնային պարտաւորութիւնն է սիրիահայ երեխաների համար ապահովել բոլոր պայմանները, կազմակերպել լրացուցիչ արտաժամեայ պարապմունքներ՝ լեզուական իմացութեան եւ ծրագրային տարբերութիւններով պայմանաւորուած խնդիրները հարթելու համար: Իւրաքանչիւր սիրիահայ երեխայ մեր ժողովրդի զաւակն է եւ նրա կրթութիւնը քաղաքական եւ պատերազմական ֆորս մաժորի հետեւանքով պէտք չէ տուժի», նշած է նախարար Արմէն Աշոտեանը: