ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Սուրիոյ ողբերգական ճգնաժամի մասին չափազանց շատ խօսքեր հնչեցին ինքնակոչ վերլուծաբաններու եւ փորձագէտներու կողմէ՝ տարածելով ապատեղեկատուութիւն եւ վտանգելով հայ համայնքին ապահովութիւնը:
Այս օրհասական ժամուն քաղաքական խակ կարծիքներ աջ ու ձախ սփռելու փոխարէն, Սփիւռքը պէտք է կեդրոնանայ սուրիահայերուն շուտափոյթ մարդասիրական անհրաժեշտ աջակցութիւնը տրամադրելու:
Ողջունելի է, որ հայկական կազմակերպութիւնները դրամահաւաքի ձեռնարկած են՝ Սուրիոյ հայերու կարիքները բաւարարելու նպատակով: Քայլ մը առաջ երթալով՝ որոշ երկիրներու մէջ ընկերային, կրօնական եւ քաղաքական կազմակերպութիւններ միացեալ մարմիններ ստեղծած են՝ անհրաժեշտ օգնութիւնը համակարգուած ձեւով հաւաքելու համար: Յոյսով ենք, որ այդ խումբերը շուտով հանդէս կու գան յայտարարութեամբ՝ սուրիահայերու ճշգրիտ կարիքներուն, հաւաքուելիք գումարին եւ այդ միջոցներու բաշխման գործընթացին մասին:
Համասփիւռքային կառոյցի բացակայութեան պատճառով, այն՝ որ պիտի ներկայացնէր աշխարհասփիւռ բոլոր հայերը եւ պիտի զբաղէր անոնց հաւաքական խնդիրներով, այժմ իւրաքանչիւր համայնք կը փորձէ ձեւաւորել իր սեփական միացեալ մարմինը: Որոշ պարագաներու, միեւնոյն համայնքին մէջ ստեղծուած են մէկէ աւելի միասնական մարմիններ՝ իւրաքանչիւրը որոշակի խնդիրով մը զբաղելու համար: Աւելորդ կրկնութիւններէ խուսափելու համար, նախընտրելի է իւրաքանչիւր համայնքի մէջ ձեւաւորել մէկ միասնական մարմին մը, որ պիտի ունենայ իւրայատուկ խնդիրներով զբաղող իր ենթայանձնախումբերը:
Բացի ատկէ՝ երկու այլ համահայկական մարմիններ կրնան վճռական դեր խաղալ այս մարդկային ճգնաժամի ընթացաքին. մէկը Սուրիայէն դուրս, իսկ միւսը՝ երկրէն ներս, որուն պիտի յանձնարարուի բոլոր աղբիւրներէն եկող մարդասիրական օգնութեանց համակարգումն ու բաշխումը.
1. Սուրիայէն դուրս գտնուող մարմինը, որ տակաւին չէ ձեւաւորուած, պիտի համակարգէ ոչ միայն Սփիւռքէն եւ Հայաստանէն ստացուող օգնութիւնը, այլեւ, ինչ որ աւելի կարեւոր է՝ Օժանդակութիւն պիտի ապահովէ կառավարութիւններէն, միջազգային կազմակերպութիւններէն (ՄԱԿ, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդ) եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններէ:
2. Սուրիոյ մէջ նորաստեղծ համահայկական մարմինի մը կազմին մէջ կը մտնեն հայկական կրօնական եւ բարեգործական բոլոր կազմակերպութիւնները: Անոր պարտականութիւններու շարքին կ՛ըլլան համայնքի կարիքներուն մասին տեղեկացնել արտաքին աշխարհը, դուրսի օգնութեան ստացումը եւ անոր բաշխումը ամբողջ երկրի հայերուն:
Սուրիոյ հայ համայնքի հսկայածաւալ կարիքներու համապարփակ գնահատում չէ կատարուած տակաւին, սակայն արդէն իսկ պարզ է, որ միլիոնաւոր տոլարներ պիտի պահանջուին հազարաւոր կարիքաւոր ընտանիքներու սնունդի, ջուրի, բուժօգնութեան, վառելանիւթի, ելեկտրականութեան եւ անապահով ուսանողներու ուսման վարձքի համար: Չափազանց կարեւոր է, որ այդ օգնութիւնը բաժնուի նաեւ բոլոր այն մարդոց, որոնք կ՛ապրին հայկական թաղամասերու մէջ կամ անոնց հարեւանութեամբ՝ անկախ անոնց ցեղային կամ կրօնական պատկանելիութենէն:
Նման համաշխարհային լայնածաւալ դրամահաւաք իրականացնելու համար, «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամը պէտք է մտածէ իր այս տարուան հեռուստամարաթոնը սուրիահայերու օգնութեան տրամադրելու մասին: Հսկայ կազմակերպութիւններէ եւ բարերարներէ պէտք է խնդրել, որ առատաձեռն նուիրատուութիւններ կատարեն՝ հայկական պատմական ներկայութիւնը պահպանելու համար Սուրիոյ մէջ, ուր հայեր հաստատուած էին Ցեղասպանութենէն դարեր առաջ: Համահայկական հիմնադրամը արդէն իսկ ձեռնարկած է իր առաջին քայլին՝ դրամատնային յատուկ հաշիւ բանալով Երեւանի մէջ, Սուրիոյ համար նուիրատուութիւններ խնդրելու. այդ հաշիւին մէջ, մինչ այժմ հաւաքուած է 50 հազար տոլար: Այս գումարը ծախսուած է Հալէպէն դէպի Հայաստանի ամառնային ճամբարներ հարիւրաւոր երեխաներու տեղափոխման համար:
Պէտք է անյապաղ միջոցներ հայթայթել նաեւ՝ Հայաստան ժամանակաւորապէս կամ մշտապէս տեղափոխուած սուրիահայերու բնակարանային եւ կենցաղային ծախսերը հոգալու համար: Այժմ յարմար պահը չէ վիճելու համար այն դժուար երկընտրանքին շուրջ, թէ՝ անոնց պէտք է օգնել, որպէսզի մնա՞ն Սուրիոյ մէջ, թէ հեռանան այնտեղէն, որովհետեւ անոնց գոյութիւնը վտանգուած է: Իւրաքանչիւր ոք պարտաւոր է յարգել սուրիահայոց ցանկութիւններն ու դատողութիւնները եւ աջակցիլ անոնց անձնական որոշումներուն: Վերջիվերջոյ, քանի որ անոնց կեանքը վտանգի տակ է, անոնց նախընտրութիւնը պէտք չէ կասկածի տակ առնուի: Նաեւ, ասիկա ժամանակը չէ դատողութիւններ ընելու Հայաստանի կառավարութեան կողմէ սուրիահայ ապաստանեալներուն յատկացուած օգնութեան որակի կամ քանակի մասին: Նման գնահատականներ կարելի է տալ աւելի ուշ, երբ փոթորիկը հանդարտի:
Վերջապէս, հակառակ անոր, որ ֆինանսական աջակցութիւնը այս պահուն առաւել հրատապ է, հաւասարապէս կարեւոր է նաեւ սուրիահայերուն ուղերձ յղել այն մասին, թէ անոնք միայնակ չեն այս օրհասական պահուն: Սուրիահայերը պէտք է զգան, որ բոլոր հայերը եւ այլ՝ բարի մարդիկ, մեծապէս մտահոգ են անոնց բարեկեցութեամբ եւ հնարաւոր ամէն ինչ պիտի ընեն՝ անոնց փրկութեան համար:
Նման յուսատու եւ հոգատար ուղերձ մը էական նշանակութիւն ունի ոչ միայն սուրիահայերուն, այլեւ՝ համայն հայութեան համար: Հայկական որեւէ համայնքի ցաւը պէտք է կիսեն աշխարհի բոլոր հայերը՝ շտապ օգնութեան ձեռք մեկնելով տուժած համայնքին, որովհետեւ անոնք բոլորը մեծ ընտանիքի մը զաւակներն են: Փոխադարձ օժանդակութեան այս ոգին բոլոր համայնքներուն վստահութիւն պիտի ներշնչէ, թէ դժբախտութեան մը պահուն՝ քմահաճոյքի բախտին պիտի չձգուին անոնք:
Նկատի ունենալով Սուրիոյ մէջ հայերուն այս ծանր վիճակը, եկէ՛ք մէկ կողմ ձգենք բոլո՛ր այլ նկատառումներ, եւ անյապա՛ղ աջակցինք անոնց փրկութեան:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ