Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
– Երեխաներուն հետ խօսիլ եւ ստուգել

Երեխաները, որոշ պարագաներու, հակադարձ կ՛ունենան: Ձեր երեխաներուն մտահոգութիւնները լաւ հասկցէք եւ արտօնեցէք, որ իրենք իրենց իւրայատուկ ձեւով բացատրեն իրենց իրավիճակը: Նաեւ ուշադիր պէտք է ըլլաք, որպէսզի գոյութիւն չունեցող հարցեր չստեղծէք զուր տեղ:
Ամէն պարագայի, երխաներուն դպրոցի մասին խօսիլ տալը բաւական դժուար գործ է. պէտք է զգո՛յշ ըլլալ: Բացի դպրոցին մասին երեխաներուն խօսիլ տալէ, ծնողները նաեւ պէտք է հեռուէն հետեւին իրենց երեխաներու առօրեային:
Սպառնացող ու յոխորտացող (bullying) կեցուածքները նորեկ աշակերտներուն ուղղուած ամէնէն վտանգաւոր եւ մտահոգիչ պարագաներէն կրնան նկատել: Ծնողքի մը մտահոգող հիմնական հարցն է, թէ իր զաւակը ինչպիսի՞ իրավիճակներու մէջ կը գտնուի նոր միջավայրէն ներս, կամ թէ ոեւէ մէկը ծաղրի ու սպառնալիքներու կ՛ենթարկէ՞ իր երեխան: Այս պարագային չափազանց կարեւոր է ու հանգստացնող, որ տեղեակ պահուի ծնողքը, թէ դպրոցը ինչպիսի՛ կեցուածքներ կ՛որդեգրէ նման պարագաներու:
Ծնողները պէտք է ուշադրութեամբ հետեւին իրենց զաւակներու վարքին ու անոր կրած փոփոխութիւններուն: Օրինակ՝ վարքի փոփոխութիւն կարելի է նկատել սակաւախօսութիւնը, ոչ աշխոյժ վիճակը, դիւրաբորբոք կեցուածքները եւ նմանօրինակ ոչ բնական երեւոյթներ, որոնք երեխային բնական նկարագիրին մաս չեն կազմեր: Ծնողները, երբ նման փոփոխութիւններ նկատեն, անպայման պէտք է խօսին երեխաներուն հետ, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներուն ու դպրոցի խորհրդատու հոգեբաններուն հետ:
Երբ ձեր երեխան նման անցումային հոգեվիճակ մը կ՛ապրի դպրոցի փոփոխութեան պատճառով, անհրաժեշտ է ճի՛շդ ձեւով ձեռք մեկնել անոր, դիւրացնելու համար այդ ծանր շրջանը: Ձեր շրջապատէն ներս մօտեցէք այն անձերուն, որոնք իրենց խորհուրդներով կրնան առաջարկել երեխային յատուկ արտադպրոցական աշխատանքներ, որոնք կը միտին երեխան աւելի աշխոյժ դարձնել ընկերութենէն ներս: Տան անդամներուն եւ հարազատներուն ներդրումը երբե՛ք մի անտեսէք: Նման պարագաներու, քոյր-եղբայր ամուր յարաբերութեան պտուղը բաւական արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ, կամ սիրելի պապիկի մը ու նախասիրած զարմիկի մը ապրած փորձառութենէն քաղուած խրատը, կրնայ ամբողջական յեղաշրջում յառաջացնել երեխային մօտ: Հետեւաբար, անոնց խորհուրդները նկատի առէք եւ ըստ այնմ վարուեցէք:
Ճիշդ է, որ իւրաքանչիւր ծնողք իր երեխային համար իտէալ միջավայր կը փորձէ գտնել, սակայն գործնական իրականութիւնը երբեմն կը տարբերի մեր տեսական հաշուարկներէն: Միշտ աչալուրջ հետեւինք ու նեցուկ կանգնինք երեխաներու բարգաւաճման:
————————————————————————————————————————-
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՀԱԳԻՐԸ
Շոմինով Փասթա

Ամառնային տաք օրերուն, շատ թեթեւ ու համեղ խոհագիր մըն է ասիկա, զոր բոլոր տնեցիները պիտի սիրեն ու անպայմանօրէն պիտի գնահատեն ձեր աշխատանքը:
Բաղադրութիւն
1 տուփ խաշուած փասթա
1 կապոց շոմին
1/2 գաւաթ արեւու տակ չորցուած լոլիկ
1 գլուխ ճզմուած կամ ծեծուած սխտոր
3 դգալ ձիթաիւղ
10 ցօղուն վայրի ծնեփեկ (asparagus)
աղ եւ սեւ պղպեղ
փարմիժան պանիր՝ վրան ցանելու համար
Պատրաստութիւն
Փասթան խաշեցէք տրուած պատրաստութեան ձեւին համաձայն ու մէկ կողմ դրէք՝ քամոցի մը մէջ:
Շոգիի վրայ մօտաւորապէս հինգ վայրկեան եփեցէք վայրի ծնեփեկը ու մանր կտորներու վերածելով՝ դրէք մէկ կողմ:
Խաշուած միջոցին տապակի մը մէջ դրէք ձէթը, թեթեւ տաքութեամբ, ու վրան աւելցուցէք ճզմուած սխտորը: Յաճախակի խառնեցէք, մինչեւ որ գոյնը թեթեւօրէն փոխուի: Ապա վրան աւելցուցէք ջարդուած շոմինը, վայրի ծնեփեկը եւ մանր ջարդուած չորցած լոլիկը: Խառնեցէք ու կրակին վրայ պահեցէք, մինչեւ շոմինին թարամիլը ու անոր ջուրին շոգիանալը:
Վրան ցանեցէք շատ թեթեւ աղ ու սեւ պղպեղ՝ ըստ փափաքի:
Պատրաստուած շոմինի խառնուրդին վրայ պարպեցէք փասթան ու արագ դարձուցէք տապակին մէջ, մօտաւորապէս 3-5 վայրկեան:
Կը մնայ վրան ցանել տաշուած փարմիժան պանիրը: Բարի ախորժակ: