ԵՐԵՒԱՆ, «Ազգ».– 13-24 Հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան 87րդ Ընդհանուր ժողովը։
13 Հոկտեմբերին Հայաստան հասած ժողովականները 14 Հոկտեմբերին պիտի մեկնին Լեռնային Ղարաբաղ եւ 15 Հոկտեմբերին հանդիպում պիտի ունենան Լեռնային Ղարաբաղի նախագահին եւ պետական անձնաւորութիւններու հետ։
ՀԲԸՄ նոր ծրագիրի մեկնարկը կը կատարուի նոյն օրը ժամը 11։00ին: Մասնակիցները Ստեփանակերտի եւ Շուշի մէջ տարբեր պատմամշակութային վայրեր պիտի այցելեն։ 17 Հոկտեմբերի պիտի այցելեն Ծիծեռնակաբերդ, Ցեղասպանութեան թանգարան, նոյն օրը պիտի կայանայ ՀԲԸՄ նոր շէնքի օրհնութեան արարողութիւն։
Հոկտեմբերի 18ին ՀԲԸՄի ժողովականները պաշտօնական այցելութիւն պիտի տան Մայր աթոռ Ս. Էջմիածին։ 19 Հոկտեմբերին կ՛այցելեն Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողով։
20 Հոկտեմբերին պիտի շարունակուի ՀԲԸՄի 87րդ ընդհանուր ժողովը:
Այս պաշտօնական այցելութիւններուն կողքին պիտի կայանան նաեւ այլ պտոյտներ եւ այցելութիւններ։