ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Միլլիյէ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան հրապարակած մէկ տեղեկագիրը կը նշէ, որ վերջին տարիներուն ընթացքին Թուրքիոյ զինուորական արդիւնաբերութիւնը 2011ին աննախադէպ աճ արձանագրած է, որուն հետեւանքով զէնքի վաճառքի ծաւալներով Թուրքիա գրաւած է 8րդ դիրքը՝ առաջ անցնելով Իսրայէլէն: Ըստ Միացեալ Նահանգներու տուեալներուն, Թուրքիա առաջին անգամ ըլլալով յայտնուած է զէնք արտածողներու առաջին տասնեակին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.