ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը ձախողած է, եւ իբրեւ հետեւանք՝ Անգարա խնդիրներ ունի իրեն սահմանակից բոլոր երկիրներուն հետ, կը գրէ ֆրանսական հեղինակաւոր «Լը Մոնտ» թերթը, ակնարկելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի որդեգրած քայլերուն:
Թերթը կը գրէ նաեւ, թէ Տաւութօղլուէն առաջ, Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները հասած էին սերտ բարեկամութեան մակարդակի, սակայն անոր օրօք կապերը թշնամական մակարդակի իջան:
«Լը Մոնտ» կ՛աւելցնէ, թէ Հայաստանի հետ սահմանը կը շարունակէ փակ մնալ, իսկ 2009ին սկսած երկխօսութիւնը ձախողած է:
Ըստ թերթին՝ Թուրքիա նաեւ չէ կրցած բարելաւել Յունաստանի հետ յարաբերութիւնները, որովհետեւ 1974էն ի վեր Կիպրոսի մէկ երրորդը բռնագրաւած Անգարան չի փափաքիր զիջումներ կատարել կղզին վերամիացնելու հարցով, ինչ որ նաեւ սառեցուցած է Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դառնալու նպատակով Անգարայի բանակցութիւնները: Թուրքիա լուրջ տարակարծութիւններ ունի նաեւ Իրաքի հետ, որովհետեւ առանց Պաղտատի հաւանութեան, քարիւղ գնելու համաձայնագիրներ կնքած է իրաքեան Քիւրտիստանի հետ եւ ապաստան տուած է Իրաքի կողմէ հետապնդուող սիւննի փոխնախագահ Թարեք Հաշիմիին: Իրանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու Անգարայի ջանքերը եւս ձախողած են, որովհետեւ արաբական աշխարհի իրադարձութիւնները կրկին անգամ սրած են շիիներու եւ սիւննիներու միջեւ լարուածութիւնը: Արեւմուտքի եւ Արեւելքի միջեւ կամուրջի դեր խաղալու Անգարայի ցանկութիւնը եւս տապալած է. Թուրքիա նաեւ Իսրայէլի հետ սերտացած յարաբերութիւնները զգալիօրէն վատթարացուցած է:
«Բազմաթիւ դիտորդներու կարծիքով՝ տարածաշրջանին մէջ նոր կարգ ստեղծելու մէջ անյաջողութիւն կրած Թուրքիան, ներկայիս կը գտնուի Ուաշինկթընի արտաքին քաղաքականութեան յարմարուելու պարտադրանքին տակ, եւ իր հողերուն վրայ Իրանին ուղղուած հրթիռային համակարգեր տեղադրելով՝ կորսնցուցած է շարք մը հարցերով միջնորդ ըլլալու ուժը», կ՛եզրակացնէ թերթը: