ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ատրպէյճանցի մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի Ատրպէյճան վերադարձուելէն ետք ազատ արձակուիլը մեծ ալեկոծում ստեղծած էր ամերիկահայութեան մօտ, ուր, ըստ Թուրքիոյ իշխանութեանց, հայկական մամուլը պաշտպանեց այն տեսակէտը, թէ Հունգարիոյ ու Ատրպէյճանի միջեւ Սաֆարովի վերադարձուելուն կապակցութեամբ կայացած համաձայնութեան մէջ իր կարեւոր դերակատարութիւնը ունեցած է Թուրքիա։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը խստօրէն հակադարձած է «ամերիկահայերու այս պնդումին» եւ դիտել տուած է, որ Թուրքիա որեւէ մասնակցութիւն չէ ունեցած Սաֆարովի ազատ արձակման գործընթացին մէջ, եւ «սփիւռքահայութեան կողմէ Թուրքիոյ հասցէին ուղղուած ամբաստանութիւնը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ Թուրքիան արատաւորելու աւանդական քաղաքականութեան նոր մէկ քայլը»։
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելցուցած է, թէ զարմանքով կը հետեւի ամերիկահայութեան կողմէ Թուրքիոյ հասցէին կատարուած ամբաստանութիւններուն, անընդունելի գտնելով այն իրողութիւնը, որ հայերը այս խնդրին մէջ իրենց զգացած զայրոյթը կը կեդրոնացնեն Թուրքիոյ վրայ: