Օգոստոս 27ի երեկոյեան, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան ժողովրդային հանդիպումները շարունակելով, խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Սքացտէյլի (Արիզոնա) Սուրբ Աբգար Հայց. եկեղեցւոյ մէջ, որուն մասնակցեցան ծուխի հոգեւոր հովիւ Զաքարիա քհնյ. Սարիբէկեան, ծխական խորհուրդը, տիկնանց միութիւնը, յարակից կազմակերպութիւններ եւ հաւատացեալներ: Տէր հայրը սիրով ողջունեց սրբազան հօր այս նոր գաղափարը՝ ծուխերէն ներս մտերմիկ եւ անպաշտօն հանդիպումները հաւատացեալներուն հետ եւ ծուխի անունով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց սրբազան հօր՝ իր այս այցելութեան համար: Սրբազանը հանգամանօրէն խօսեցաւ Արեւմտեան թեմի հոգեւոր առաքելութեան մասին՝ վերյիշելով անցնող աւելի քան 9 տարիներու ընթացքին արձանագրուած յաջողութիւնները եւ անդրադարձաւ ապագայ ծրագիրներուն: Ապա պատասխանեց հաւատացեալներուն կողմէ տրուած Հայց. եկեղեցին եւ Արեւմտեան թեմի յուզող հարցումներուն:
Օգոստոս 28ի երեկոյեան, սրբազանը Ռետմընտի (Սիեթըլ) Սուրբ Յարութիւն Հայց. եկեղեցւոյ մէջ նախ հանդիպում ունեցաւ ծուխի հոգեւոր հովիւ Եղիա քհնյ. Իսայեանի եւ ծխական խորհուրդին հետ, քննելով մասնաւորաբար 2013ի Ապրիլին Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի Արեւմտեան թեմ շնորհելիք այցելութեան ժամանակացոյցը, որուն մէջ նկատի առնուած է նաեւ Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին: Ծխական խորհուրդը իր գոհունակութիւնը փոխանցեց սրբազան հօր՝ իր այս սքանչելի ծրագիրին համար: Ժողովի աւարտին, սրբազանը ունեցաւ իր ժողովրդային հանդիպումը, որուն մասնակցեցաւ տէր հայրը, թեմական խորհուրդի գանձապահ Եուրի Յակոբեանը, ծխական խորհուրդը, տիկնանց միութիւնը, յարակից կազմակերպութիւններն ու հաւատացեալները: Սրբազանը նոյնպէս խօսեցաւ թեմի հոգեւոր առաքելութեան եւ ծուխ-առաջնորդարան սերտ յարաբերութեան մասին եւ պատասխանեց տրուած հարցումներուն:
Օգոստոս 29ի երեկոյեան, առաջնորդը Սաքրամենթոյի Սուրբ Յակոբ Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ասողիկ քհնյ. Ժամկոչեանի եւ Ծխական խորհուրդին հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան ծուխին կողմէ նոր գնուած կալուածի եւ ապագայ եկեղեցւոյ կառուցման պարագան: Սրբազանը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ ծուխը տիրացաւ նոր կալուածի մը, որ աւելի յարմարութիւններ պիտի ունենայ ի մի հաւաքելու շրջանի հայութիւնը եւ մանաւանդ երիտասարդութիւնը: Ժողովի աւարտին, սրբազան Հայրը խորհրդակցութիւններ ունեցաւ տէր հօր, Ծխական խորհուրդին, տիկնանց միութեան, յարակից կազմակերպութիւններուն ու հաւատացեալներուն հետ: Ան խօսեցաւ թեմի հոգեւոր առաքելութեան մասին եւ շեշտեց նոր հոգեւորականներու պատրաստութեան եւ Հայց. եկեղեցւոյ երիտասարդաց կազմակերպութեան շինիչ գործունէութեան կարեւորութիւնը: Ապա ան պատասխանեց տրուած բոլոր հարցումերուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.