ՊԷՅՐՈՒԹ, «Սի.Էն.Էն.».- Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11ին, գիշերուան ժամը 11ին, Մըքտատ ընտանիքին կողմէ Լիբանանի ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի եւ Լիբանանի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզըլտըզի յանձնուեցաւ թուրք պատանդ Այտըն Թեքինը:
Ազատ արձակման պահուն, Թեքին Լիբանանի կառավարութեան շնորհակալութիւն յայտնեց եւ թրքական իշխանութիւններէն խնդրեց օժանդակել Հասսան Մըքտատի ազատ արձակման:
Իր կարգին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնով շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին:
Մարուան Շարպել յայտնեց, որ աշխատանք կը տարուի ազատ արձակելու համար նաեւ առեւանգուած երկրորդ թուրք քաղաքացին՝ աւելցնելով, որ ինք Թուրքիա պիտի մեկնի, շարունակելու համար Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն, որոնց շարքին նաեւ Հասսան Մըքտատի, ազատ արձակման բանակցութիւնները: Նախարարը, Թեքին եւ թուրք դեսպանը Չորեքշաբթի օր միասնաբար մեկնեցան Անգարա:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.