ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Էյ.Փի.».- Տնտեսական ճգնաժամի թէժ օրերուն՝ 2008ին, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը արտակագ քայլով մը 130 միլիառ տոլար տրամադրած էր՝ կանխելու համար ապահովագրական հսկայ ընկերութիւններէն «Էյ.Այ.Ճի.»ի սնանկացումը եւ այդպիսով՝ դառնալով ընկերութեան գլխաւոր սեփականատէրը:
Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11ին, կառավարութիւնը իր բաժնետոմսերուն մեծ մասը ծախեց՝ իր 53.4 տոկոս մասնաբաժինը իջեցնելով 15.9 տոկոսի: Ցարդ կառավարութիւնը 15.1 միլիառ տոլարի շահ ապահոված է «Էյ.Այ.Ճի.»ի բաժնետոմսերուն աստիճանական վաճառքէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.