
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պենետիքթ 16րդ պապը Սեպտեմբեր 14էն 16 պիտի այցելէ Լիբանան: Այս այցելութեան ծիրէն ներս, պապը պիտի հիւրընկալուի նաեւ Լիբանանի Հայ կաթողիկէներու պատրիարքական Զմմառի վանքին մէջ:
Զմմառի վանքի միաբան հայր Եղիա վարդապետ Դերձակեան ըսած է, թէ Հռոմի պապը հանդիպումներ պիտի ունենայ Լիբանանի նախագահին, վարչապետին, խորհրդարանի նախագահին, իսլամական համայնքներու առաջնորդներու եւ այլ պաշտօնատարներու հետ:
Պապը իր առաջին ու պատմական այցելութիւնը պիտի կատարէ Զմմառի բազմադարեայ վանք, ուր ան պիտի օծէ Յակոբ Մեղապարտին նուիրուած յուշարձանը, որ պատրաստուած է Հայ գրատպութեան 500ամեակին կապակցութեամբ: Զմմառի մէջ պիտի տրուի նաեւ ճաշկերոյթ մը, որուն պիտի մասնակցին սրբազան քահանայապետի շքախումբի անդամները ու կաթողիկէ պատրիարքներ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց պատրիարք-կաթողիկոս Ներսէս Պետրոս 19ի գլխաւորութեամբ:
Կիրակի, Սեպտեմբեր 16ին, հայրապետական Ս. պատարագ պիտի մատուցուի Պէյրութի մէջ. «Երգեցողութեան պիտի մասնակցի նաեւ «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբը՝ Էտուարտ Թորիքեանի ղեկավարութեամբ», աւելցուցած է Եղիա վարդապետ Դերձակեան:
Պապը հանդիպում մը պիտի ունենայ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հետ: