
Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբը հիմնադրուած է լիբանանահայ Զաքար Քէշիշեանի կողմէ՝ 1992ին, Շուշիի «Արամ Մանուկեան» վարժարանին մէջ: Անիկա ի սկզբանէ եղած է մանկապատանեկան երգչախումբ: Զաքար Քէշիշեան «Ուրբաթ» մամլոյ ակումբին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ջերմութեամբ յիշեց, թէ ինչպէս 20 տարի առաջ, երբ դեռ Երեւանի պետական երաժշտանոցի աշակերտ էր, խումբ մը ուսանողներով այցելած է Արցախ ու համերգներ տուած գիւղերու եւ զօրամասերու մէջ, իսկ Շուշիի ազատագրումէն ետք որոշած է երթալ եւ քաղաքի զարգացման աշխատանքներուն մէջ իր ներդրումը ունենալ։
«Այդ ժամանակ պէտք էր արցունք չորցնել, ժպիտ ուրուագծել», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Կը պատահէր, որ փորձը ձգելով նկուղ կ՛իջնէինք, «տրիւոգ» կ՛ըսէին։ Անգամ մըն ալ համերգի ժամանակ մոմեր բաժնեցինք երգողներուն, «դվիժոկ» (ե-լեկտրածին մեքենայ-Խմբ.) չունէինք»:
«Վարանդա» երգչախումբին մէջ երգած են մօտ 500 երեխաներ՝ նախորդ 20 տարիներուն ընթացքին. երեւոյթ մը, որ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ Զաքար Քէշիշեանին, որ իր առաջին սաները կը նկատէ իր թոռները։
Ստեղծուելէն 5 տարի ետք երգչախումբին տրուած է պետական կարգավիճակ, եւ անիկա այսօր կը գտնուի պետական հոգածութեան տակ: Երգչախումբը իր գործունէութիւնը կը շարունակէ մանկական, պատանեկան եւ երիտասարդական կազմերով:
Երգչախումբը ներկայիս կը գտնուի պետական հոգածութեան ներքեւ եւ իր գործունէութիւնը կը շարունակէ մանկական, պատանեկան եւ երիտասարդական կազմերով:
Հայրենի ականաւոր բանաստեղծներ եւ երաժշտահաններ աւելի քան 200 նոր երգով հարստացուցած են երգչախումբին երգացանկը: Երգչախումբը աւելի քան 200 համերգներով հանդէս եկած է Արցախի տարբեր շրջաններու, զօրամասերու, դպրոցներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ: Երգչախումբին մասին նկարահանուած են երկու վաւերագրական ժապաւէններ: 2004ին «Վարանդա» երգչախումբը ձայնագրած է «Բերդաքաղաք» ձայնասկաւառակը:
4 Սեպտեմբերին՝ երգչախումբի 20ամեակին առիթով կայացած համերգի աւարտին ցուցադրուեցաւ Հրաչ Թոգաթլեանի «Երգող ամառներ» 50 վայրկեաննոց փաստավաւերագրական ժապաւէնը, որ կը պատմէ «Վարանդա» երգչախումբին մասին:
«Շուշին կարիքս ունի, պիտի շարունակեմ առաքելութիւնս», հաստատած է Քէշիշեան։