ԵՐԵՒԱՆ, «Մամուլ».- 2012 թուականին Հայաստանի կառավարութիւնը Հայաստանի պատմութեան պետական թանգարանին թոյլատրած է Հայաստանի բոլոր մարզերէն հաւաքել եւ 2012ի Սեպտեմբերին Երեւան տեղափոխել պատմութեան ու մշակոյթի անշարժ յուշարձաններ՝ հնագոյն կոթողներ, խաչքարեր, ճարտարապետական կառոյցներ, բեկորներ եւ թանգարանի հրապարակին կից գտնուող բաց տարածքին մէջ կազմակերպել Հայաստանի անկախութեան նուիրուած ժամանակաւոր ցուցադրութիւն:
Ցուցահանդէսի աւարտէն ետք՝ Սեպտեմբեր 2016ին, ցուցանմուշները պիտի վերադարձուին իրենց գտնուած վայրերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.