Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Յղացքը քաղաքական կեանքի մէջ ընդհանրապէս դրականօրէն կ՛ընկալուի:
Իրենց համոզումներուն համար պայքարողները, ազնիւ քաղաքական անձնաւորութիւններ ու պետական դէմքեր, ժուժկալութեան օրինակ եղած են ու կ՛ըլլան իրենց կենսաոճով:
Տնտեսական մարզին մէջ սակայն, ժուժկալութիւնը տարբեր իմաստաւորումի կ՛արժանանայ: Հիմնականին մէջ ան բացասականօրէն կը հասկցուի: Սպառողական հասարակութիւններու մէջ ժուժկալութիւնը շուկայական ստեղծագործ հեղինակութեան դէմ կ՛աշխատի: Սպառում եւ ժուժկալ կենսաոճ գրեթէ հակասական գաղափարներ են: Ընդհակառակը, անհրաժեշտ է սպառումը քաջալերել, որովհետեւ անով կենսունակութիւն կը ստանայ տնտեսական գործունէութիւնը:
2007-2008 ֆինանսական տագնապին յաջորդած այս դժուար ժամանակներուն, եւ մասնաւորաբար Եւրոյի տարածաշրջանի երկիրներու տնտեսական ճգնաժամի ոլորտին մէջ, ժուժկալութիւն յղացքը հրապարակային բանավէճերու առարկայ դարձաւ: Ազատ շուկայական տոկմայի ջերմ հաւատացեալներուն համար, Յունաստան եւ Սպանիա, անխոհեմ կերպով մսխած են իրենց ֆինանսները երբ դրամագլուխի հոսքը, հիմնականին մէջ պարտքի ձեւով, դիւրին էր ապահովել, եւ հետեւաբար, հիմա որ այլեւս տեղ մը հասած է, որ անկարելի է փոխ առնել առանց պարտքերը վճարելու, ժուժկալ քաղաքականութիւնը անհրաժեշտութիւն է: Կրճատել պետութեան ծախսերը, նուազեցնել աշխատավարձքերը, կասեցնել սոցիալական ծրագիրները, եւ սեփականաշնորհել ամէն ինչ որ կարելի է ծախել եթէ հարկ ըլլայ կղզիներ, հնութիւններ, հանրային տարածութիւններ… որպէսզի պարտքերու վճարման յանձնառութիւնները յարգուին մինչեւ, որ գեղեցիկ օր մը տնտեսութիւնը վերաշխուժանալու սկսի, շուկան աշխատատեղիներ ստեղծէ, աճը վերադառնայ ու մարդիկ կրկին սպառելու սկսին եւ իրենց կեանքի իմաստը վերագտնեն…
Նէօլիպերալ(նորազատական Խմբ.) ամէն տրամաբանութեան նման ժուժկալութեան քաղաքականութեան պահանջն ալ կարծես թէ դժուար չէ հասկնալ: Շահածէն աւելի ծախսելէն յետոյ պէտք է բացերը գոցել, գօտին սեղմել եւ անդրադառնալ, որ ապառիկի քարտը պէտք է պատասխանատու կերպով գործածել: Այս գունաւոր պատկերացումներով է, որ ժուժկալութեան պահանջը դնողները իրենց տեսակէտը կը բացատրեն հրապարակային կերպով:
Սակայն նէօլիպերալ ամբողջ մտածողութեան նման ժուժկալութեան քաղաքականութեան պահանջ եւ այլ դառն իրականութիւններ, այնպէս ինչպէս դրամատիրական համակարգի մէջ շրջանառութեան դրուած ապրանքի գինին յաւելեալ արժէքը կը թաքցնէ աշխատանքի շահագործումը:
Այսպէս, 80ական թուականներու սկզբնաւորութեան, երբ Ռեկըն-Թաչըրի «Պահպանողական Յեղափոխութիւնը» օրակարգի վրայ կը դնէր ազատ շուկայական համակարգի համաշխարհայնացումը՝ պետական պիւտճէի կրճատումը, ֆինանսներու ազատականացումը եւ սեփականաշնորհումները, ժուժկալ ապագայի մը հեռանկարը չէին ուրուագծուէր հորիզոնին: Ընդհակառակը, Ռեկընի ժպիտն ու Թաչըրի վճռակամ համոզումը, որ աշխատաւորները սեփականատէր պէտք է ըլլային, որպէսզի պետութիւնը վերջնականապէս հրաժարէր տնտեսութեան մէջ խառնուելէ, համակ լաւատեսութիւն ներշնչելու կը ձգտէին: Այդպէս ալ շահեցան իրարայաջորդ ընտրութիւններ եւ ապահովեցին իրենց տնտեսական գաղափարախօսութեան շարունակականութիւնը, անոր կարքին լծելով նոյնիսկ Եւրոպայի սոցիալ-դեմոկրատները:
Այսօրուան ժուժկալութեան հետամուտ քաղաքական դէմքեր կամ տնտեսութեան մարզին մէջ հանրային պատասխանատուութիւն ունեցող անձնաւորութիւններ միշտ, Ռեկըն, Թաչըր երբեմն ալ Հելմութ Քոհլ կը յիշատակեն եւ անոնց հետեւորդները կը հաւակնին ըլլալ: Հետեւաբար, կամ համաշխարհային պահպանողականութեան ու նէօլիպերալիզմի արդիական հայրերուն լաւատեսութիւնը ճիշդ չէր, կամ ալ՝ կեղծ, կամ ալ այսօրուան մերքելականները տարբեր աղանդ են: Ճիշդ է, Ռեկըն-Թաչըրեան լաւատեսութիւնը չէր ժխտեր դժուար ժամանակներ: Սակայն ոչ 1980ականներուն ծնունդ առնող նէօլիպերալիզմը ժուժկալութիւն կը նախատեսէր այնպէս ինչպէս կը բանաձեւուի այս օրերուն, ոչ ալ ժուժկալութեան հրաւէրը այսօր կրնայ դժուար ժամանակներու աւարտին մօտաւոր կանխատեսում մը կատարէ: Ընդհակառակը, ժուժկալութիւնը կը գնահատուի ժամանակահատուածի մասշտապով, այսինքն՝ ամբողջ սերունդի մը ապագային վրայ ազդելու տարողութեամբ: Ձմրան «ձախորդ օրեր»ը չեն ասոնք, որ պիտի գան ու երթան: Ժուժկալութեան պահանջը եկած է մնալու եւ երկրէ երկիր, հասարակութենէ հասարակութիւն փոխանցուելու հաստատակամութեամբ:
Խնդիրը այն է, որ ժուժկալութեան պահանջը երբ կը դրուի, անոր անդրադարձը հաւասար չէ հասարակութեան բոլոր անդամներուն եւ հատուածներուն համար: Դրամատիրական համակարգը, ծանօթ է, իր բնութեամբ՝ տագնապային է եւ վերիվայրումներով կը յատկանշուի: Երբեմն անոր ծնունդ տուած ճգնաժամերուն անդրադարձը կը հարուածէ բոլորը, այնպէս ինչպէս եղաւ 1929ին: Բայց մերօրեայ դրամատիրութեան այս տագնապը կարծես թէ խնայած է համաշխարհային դասակարգ մը, որ ներկայ է բոլոր երկիրներուն ու հասարակութիւններուն մէջ, այլ խօսքով, կայ դասակարգ մը, որ նէօլիպերալ ժամանակներուն գլխաւոր շահողը եղաւ հարստութեան պատմականօրէն ամենէն աւելի անարդար վերաբաշխումի գործընթացին մէջ եւ կարծես անխոցելի է ճգնաժամին անդրադարձին դէմ յանդիման: Հետեւաբար, ժուժկալութեան ներքին տրամաբանութիւնը մերկացնելու, անոր ենթադրեալ պարզութեան ու բանականութեան դիմակը վար առնելու համար պէտք է հարց տալ թէ որո՞նց համար ժուժկալութիւն կը պահանջուի, կամ՝ որո՞նք են հասարակական այն հատուածները, որոնք ժուժկալութեան տուրք պիտի տան չափահաս տարիքին գործազուրկ ըլլալով, արժանապատիւօրէն թոշակի անցնելէն ակամայ հրաժարելով եւ թէ ապագայի ամէն յոյս կտրելով, եւ ընդհակառակը, որո՞նք են անոնք, որոնք ժուժկալութեան այս ժամանակներուն ո՛չ միայն իրենց զեխ կեանքը պիտի շարունակեն այլ՝ ինչպէս միշտ, ճգնաժամը առիթ պիտի նկատեն հարստութեան յաւելեալ կուտակումի համար:
Այս հիմնական հարցումին պատասխանը այնքան ալ դժուար չէ կռահել:
Ժուժկալութեան պահանջը դր-ուած է նոյն այն դասակարգին կողմէ, որ նէօլիպերալիզմի պայմաններուն մէջ իր հարստութիւնը աւելցուց հիմնականօրէն ֆինանսական սպեկուլացիայի մեխանիզմով(դրամական խարդախութեամբ), պատճառ դարձաւ ներկայ ճգնաժամին եւ կը փորձէ համակարգը պահպանել եւ վերաթարմացնել, հոգ չէ թէ ամբողջ գործընթացը պատճառ դառնայ սերունդի մը, եթէ ոչ աւելիին, թշուառութեան: Ժուժկալութեան զոհերուն համար հորիզոնին՝ միայն յաւելեալ ժուժկալութիւն կայ: Մինչ ուրիշներ, հազուագիւտ անշուշտ, կրնան իրենց կողակիցին 720 միլիոն եուրոյի պալատ մը գնել կամ տէր ըլլալ ֆութպոլի խումբերու:
Կը մնայ, որ ժուժկալութեան հետեւանքները շատ հեռու են լոկ տնտեսական ոլորտով սահմանափակուելու: Այնպէս չէ, որ ժուժկալութեան զոհերը հետամուտ պիտի ըլլան տնտեսութեան վերապրումի՝ սպասելով լաւագոյն օրերու: Ժուժկալութեան պահանջարկը ըստ երեւոյթին նկատի չէր առած, որ կարելի չէ մարդկային արժանապատուութիւնը շուկայացնել: Ոչ ալ ցասման պոռթկումնեը կասեցնել: