
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հոկտեմբեր 2010ին գործելու սկսած «Տաթեւեր» ճոպանուղիով փոխադրուող 100 հազարերորդ անձը 14 Սեպտեմբերին ճոպանուղիի տնօրէնութեան կողմէ հանդիսաւորապէս նուէրներ ստացաւ։ Ան Շինուհայր գիւղի բնակիչ Անահիտ Մայիլեանն էր, որ ստացաւ Ջերմուկի մէջ հանգիստ ընելու 7 օրուան տոմս։
«Տաթեւեր» ճոպանուղիի տնօրէն Տիգրան Ղազարեան «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ հանգստեան եւ ոչ աշխատանքային օրերուն ճոպանուղին 800-1000 այցելու կ՛ընդունի: Սեպտեմբեր 1ի դրութեամբ ճոպանուղի այցելած է մօտ 52 հազար մարդ՝ 1000ով աւելի, քան 2011ի 8 ամիսներուն: Այս թուային աճը կ՛արձանագրուի հակառակ անոր, որ նման կառոյցներ գործելու սկսելէն մէկ տարի ետք արդէն կը սկսին նուազ հետաքրքրական դառնալու։
Նշենք, որ «Տաթեւեր» ճոպանուղիի յարակից տարածքին մէջ կատարուած են բարեկարգման աշխատանքներ. «Հալիձոր» կայանի կողքին կը գործէ «Տաթեւատուն» սրճարան-ճաշարանը, տեղադրուած են հեռադիտակներ, մօտ 10 հեքթար տարածք կանաչապատուած է, կառուցուած է մանկական խաղերու հրապարակ եւ այլն: Զբօսաշրջիկներու այցելութիւններու աննախընթաց աճի իբրեւ արդիւնք, միայն Գորիս քաղաքին մէջ 2012ին 10 նոր պանդոկ բացուած է: Ներկայիս կը քննարկուի նաեւ ճոպանուղիի մերձակայքը պանդոկ կառուցելու հարցը:
Յիշեցնենք, որ «Տաթեւեր» ճոպանուղին իր դասակարգին մէջ աշխարհի ամէնէն երկարն է եւ արձանագրուած է «Կինես» մրցանշային գիրքին մէջ: Ճոպանուղիի երկարութիւնը 5725 մեթր է, առաւելագոյն բարձրութիւնը՝ 320 մեթր (Որոտան գետի մակերեւոյթէն):