ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ վերաբերեալ Եւրոմիութեան նորագոյն տեղեկագիրը հրապարակուած է Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 13ին, ուր Պրիւքսէլ դարձեալ անհանգստութիւն կը յայտնէ այդ երկիրին մէջ արտայայտուելու ազատութիւնը ապահովուած չըլլալու առնչութեամբ: Ըստ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ին՝ Անգարայի հասցէին խիստ քննադատութիւններ հնչած են նաեւ մամլոյ ազատութիւնը ոտնակոխող դէպքերու բազմացման առթիւ:
«Մամուլի ազատութեան երաշխաւորումը ժողովրդավարութեան ամենակարեւոր պայմաններէն մէկն է: Այդ կապակցութեամբ՝ Թուրքիոյ մէջ առկայ իրավիճակը խիստ մտահոգիչ է», նշուած է տեղեկագիրի մէջ:
Հոն նաեւ քննադատուած է Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքը եւ անգամ մը եւս շեշտուած է, թէ անիկա չի համապատասխաներ Եւրոմիութեան չափանիշերուն:
Անբաւարար նկատուած են նաեւ 2011ի Սեպտեմբեր 12ի հանրաքուէով վաւերացուած Թուրքիոյ դատական համակարգին մէջ կատարուած փոփոխութիւնները: «Թափանցիկ, անկախ, վստահելի եւ հաշուետու դատական համակարգ ստեղծելու համար, Թուրքիան դեռ երկար ճանապարհ ունի կտրելիք», նշուած է տեղեկագիրին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.