Ռուսիոյ Քուպան մարզին մէջ, իր սեփական կեանքը վտանգի ենթարկելով՝ լեռնային վարարած գետէ մը դուրս բերաւ ռուս աղջնակ մը, որ կը խեղդուէր ջուրին մէջ։
Դէպքը պատահած է Չեմլիք գետի կամուրջին մօտ։ Հայազգի ոստիկան Աշոտ Գրիգորեանը, իր արձակուրդի օրը ինքնաշարժը վարելով մօտեցած է Չեմլիկ գետի կամուրջին եւ նկատած, որ հնգամեայ աղջնակ մը արագօրէն ձգելով մօրը ձեռքը՝ վազած է դէպի ձորակ՝ կատուի ձագ մը փրկելու համար։ Փոքրիկը կորսնցուցած է իր հաւասարակշռութիւնը եւ հինգ մեթր բարձրութենէն գլորած է վարարած գետին մէջ։
Մօր օգնութեան աղաչանքին ուզած են պատասխանել քանի մը անցորդներ, սակայն միայն Աշոտ Գրիգորեանն է, որ համարձակած է գետ նետուիլ։ Ան յաջողած է ափ հանել աղջնակը եւ առաջին օգնութիւն ցուցաբերել ուշակորոյս փոքրիկին։ Քանի մը վայրկեան ետք շտապօգնութեան ծառայողները հասած են արդէն։
Վստահ ըլլալով, որ աղջնակի կեանքին վտանգ չի սպառնար՝ Գրիգորեան հեռացած է դէպքի վայրէն։
Ռուսիոյ ներքին նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնն է, որ կը հաղորդէ այս լուրը, նշելով որ ոստիկանութեան աւագ սպան համեստօրէն լուռ մնացած է իր գործած հերոսական արարքին մասին։ Գործընկերները այդ մասին տեղեկացած են միայն այն ատեն, երբ աղջնակին հայրը շնորհակալական նամակ ուղարկած է ոստիկանութեան բաժին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.