ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Անգամ մը եւս, 21րդ տարին ըլլալով, կը տօնենք պանծալի տարեդարձը Հայաստանի Անկախութեան հանրաքուէին, որ նուիրագործեց Ազատ ու Անկախ Հայաստանի մէջ ապրելու հայրենի հայութեան միահամուռ կամքը։
21 Սեպտեմբեր 1991ին քուէատուփ դիմող Հայաստանի քաղաքացին առանձին չէր սակայն անկախութեան «Այո՛» պատասխանող իր քուէարկութեան ընթացքին։ Հայաստանի վերանկախացման ի սպաս նետուած հայրենի հայութեան ջախջախիչ մեծամասնութեան վճռահատող այդ քուէին մէջ խտացած էր աշխարհասփիւռ հայերուն, այլեւ հայ ժողովուրդի իրերայաջորդ սերունդներուն հաւաքական ԿԱՄՔը՝ հայրենի հողի վրայ սեփական, ազգայի՛ն պետականութեան հովանիին տակ ազատ ու անկախ ապրելու դարաւոր երազանքը։
Նոյնիսկ այսօր, Հանրաքուէէն 21 տարի ետք ալ, հայ ժողովուրդի դարաւոր այդ երազանքը իրականացած տեսնելու անսահման յուզումը կը բաբախէ ողջ հայութեան կրծքին տակ, երբ հայոց քաղաքամայր Երեւանի կեդրոնը կը դառնայ ցնծութեան ժամադրավայրը ոչ միայն հայրենի հողի ուղղակի պահապաններուն, ոչ միայն ուխտագնացութեան համար աշխարհի չորս ծագերէն Հայաստան ժամանած սփիւռքահայերուն, այլեւ ելեկտրոնային պաստառներով ժամը ժամուն տօնախմբութեանց հետեւող հայ մարդոց, նոյնինքն Հայաստանի մէջ ապրին անոնք թէ հեռաւոր ցամաքամասերու վրայ…
Կը տօնենք եւ կը յուզուինք, կը ցնծանք ու կը հպարտանանք, բայց եւ միաժամանակ մեր մտածումներու կիզակէտէն չենք կրնար վանել մղձաւանջի պէս մեր ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը հալածող միեւնոյն հարցադրումը, թէ ինչո՛ւ կը մսխենք մեր սերունդին ընձեռուած եզակի այս պատեհութիւնը՝ հայրենի հողին վրայ եւ սեփական պետականութեան հովանիին տակ ազատ ու անկախ ապրելու անփոխարինելի բարիքը։
Հայ մարդը որքան ալ ուզէ եւ փորձէ, որ, գոնէ Անկախութեան հանրաքուէի տօնական այս օրը, կարենայ իրմէ վանել սիրտ ու միտք խառնող եւ տրամադրութիւն ծանրացնող նման մտածումներ, ի վերջոյ կ՛անդրադառնայ, թէ խուսափում չունի կեանքէն իսկ եկող այդ հարցադրումէն՝
– Ինչո՞ւ կը մսխենք ազատ ու անկախ ապրելու անփոխարինելի բարիքը։
Խօսքը չի վերաբերիր այն մոլորեալներուն, որոնք նոյնինքն հանրաքուէի օրին ալ ձայն կը բարձրացնէին, թէ «ի՜նչ օգուտ անկախութենէ մը, որուն գինը զրկանքն ու թշուառացումը պիտի ըլլայ»…
Կարծէք դրախտի մէջ կ՛ապրէին խորհրդային ամբողջատիրութեան լուծին տակ։
Ոչ ալ կը վերաբերի այնպիսիներուն, որոնք ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքէն կամ պատեհութենէն զրկուած ըլլալու պարագային իսկ, պատեհապաշտ ու ստրկամիտ համակերպումի իրենց հոգեկերտուածքով, ի վիճակի են ու պատրաստ ուժեղին փէշերը համբուրելու եւ իշխանաւորին «շնորհք»ով մակաբոյծի պէս ապրելու՝ իրենցմէ տկարին ու անզօրին դէմ «առիւծ» կտրելու եւ անպաշտպանին քրտինքն ու արիւնը ծծելու գնով։
Ընդհակառակն՝ խօսքը կը վերաբերի Անկախութեան պաշտամունքը ունեցող եւ, ի հարկին, գերագոյն զոհաբերութեան գնով Հայաստանի անկախութեան վերականգնումին համար պայքարի դաշտ նետուած հաւատաւորներուն, որոնք միասնականօրէն քուէատուփ փութացին Սեպտեմբեր 21ին եւ իրենց քուէներով նուաճեցին Հայաստանի անկախութեան իրաւունքը։
Յատկապէս Անկախութեան Հանրաքուէին այդ տէրերն են, որ տօնական այս օրուան առթած ինքնավստահութեան, հպարտութեան եւ արժանաւորութեան զգացումներու բերկրանքին մէջ, հոգեմաշ անձկութեամբ եւ դառնութեամբ կ՛ափսոսան, որ կը շարունակուի ազատ ու անկախ ապրելու մեր իրաւունքին մսխումը։
Այո՛, միայն ազատ ու անկախ Հայաստանի անփոխարինելի արժէքին գիտակցողը ի վիճակի է ափսոսալու, որ հազարաւորներու կեանքի զոհաբերումով նուաճուած Անկախութեան հետ կարելի է այս աստիճան անփոյթ վարուիլ։
Աւելի՛ն. Հայաստանի վերանկախացումին պարգեւած բարիքները ճաշակողն ու հայոց պետական եւ հասարակական կեանքին մէջ արձանագրուած յառաջխաղացքը շօշափողն է, որ տօնական այս մթնոլորտին մէջ անգամ ի վիճակի չէ իր աչքերը փակելու եւ անտարբերութեամբ անցնելու սեփական երկրին մէջ յամեցող կամ նորովի յայտնուած անարդարութեանց եւ իրաւազրկումներուն, չարաշահութեանց ու բռնացումներուն մօտէն։
Սեպտեմբեր 21ը, անշո՛ւշտ, օրը չէ խօսելու քաղաքական եւ գաղափարական այն խոտորումներուն ու սայթաքումներուն մասին, որոնց հետեւանքով Հայաստանի անկախութիւնը նուաճած հայ մարդը սկսաւ խորթ զգալ իր իսկ երկրին ու պետութեան մէջ, եւ այդ խորթացման զգացումն է, որ ազատ ու անկախ ապրելու անփոխարինելի բարիքը մսխած ըլլալու ափսոսանքով կը համակէ միտքն ու սիրտը յանուն անկախութեան դարձեալ գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու ուխտեալներուն։
Այդ առումով ալ ոչ ոք, մանաւանդ վերանկախացեալ Հայաստանի մէջ իշխանաւոր աթոռի բազմած ոչ մէկ բանբեր կամ «պատգամաբեր» թող փորձէ աջ ու ձախ անհեթեթ քարոզներ բաշխել, թէ՝ «Անկախութիւնը բոլորիս է… ե՛ւ իշխանութեանը, ե՛ւ ընդդիմութեանը» եւ այլն։
Անկախութեան տիրոջ իրաւունքով է, արդէն, որ հայ մարդը կ՛ուզէ եւ կը փորձէ, բայց չի յաջողիր իրմէ վանել ափսոսանքը, թէ բոլորով ի վիճակի չեղանք առաջքը առնելու ազատութեան եւ անկախութեան մսխումին։
Պատերազմի եւ շրջափակման ծանրագոյն պայմաններուն մէջ իսկ իր նուաճած ազատութեան ու անկախութեան տէր կանգնած մարդոց առնուազն պէտք է խնայել հեգնանքը այնպիսի՛ խրատներու եւ յորդորներու, թէ պէտք է տոկալ դժուարութեանց եւ հաւատք ունենալ, որ ի վերջոյ կը յաղթահարուին այդ բոլորը։
Աւելի քան հեգնանք կայ նման քարոզներու մէջ, երբ այնքա՜ն զոհաբերութեանց գնով պահպանուած Ազատ ու Անկախ Հայաստանը, փաստօրէն եւ իրողապէս կը խրի քաղաքական ու տնտեսական իշխանութեան մենաշնորհ հաստատած, Ազգի Պետական Տունը սեփական ագարակի վերածած եւ ինքզինք վերարտադրելու՝ վերընտրել տալու, նորագոյն արհեստագիտութեան տիրապետած վարչախաւի մը ապօրինութեան տիղմին մէջ։
Բայց արդէն դառնութիւնն ու ընդվզումը կու գան ծանրացնելու ափսոսանքի զգացումը, որ Սեպտեմբեր 21ի տարեդարձին առթած ցնծութեան եւ հպարտութեան տօնական մթնոլորտին անխուսափելի մէկ մասը դարձած է տարիներէ ի վեր։
Հեռո՛ւ մեր սերունդներէն դառնացումն ու ընդվզումը, որովհետեւ ի վերջոյ նման պոռթկումները կը ծառայեն միայն սիրտ պարպելու եւ… հանգստացնելու նպատակին, մինչդեռ Սեպտեմբեր 21ի հանրաքուէով նուաճուած ազատութիւնն ու անկախութիւնը, աւելի քան երբեք, կարիքը ունին պայքարը անդուլ շարունակելու հայ մարդուն հաստատակամութեան ու մարտունակութեան։
Սեպտեմբեր 21ի հանրաքուէով մենք ընտրեցինք ազատ ու անկախ Հայաստանը սեփական ձեռքերով կերտելու ուղին։
Մէկ կողմէ պատերազմի ու շրջափակման, իսկ միւս կողմէ՝ բիրտ հասարակափոխութեան ծանր հարուածներուն եւ ցնցումներուն կրցանք տոկալ, վերապրիլ ու զգալի յառաջխաղացք արձանագրել։
Այդ հիման վրայ ալ իրաւունք ունինք ամենայն հպարտութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ տօնելու Հայաստանի վերանկախացման տարեդարձը՝ մեր ցնծութեան միացնելով այն ափսոսանքը, թէ ազգովին չկրցանք աւելի յաղթ քայլերով յառաջ շարժիլ՝ մեր անկախութեան եւ ազատութեան կենսատու կռուաններու իրաւական, ժողովրդավարական եւ արդարադատ արմատաւորումին, ամրապնդումին եւ հզօրացումին ուղղութեամբ։
Եւ երբ Սեպտեմբեր 21ի տօնը շնորհաւորելու համար, Երեւանի կեդրոնական հրապարակներուն վրայ թէ աշխարհի չորս ծագերուն ունենանք իրարու հետ հանդիպելու եւ ողջագուրուելու առիթը, բարձրաձայն իրարմէ պահանջենք, թէ՝
– Մինչեւ ե՞րբ պիտի մսխենք ազատ ու անկախ ապրելու անփոխարինելի բարիքը։
—————————————————
Այս Էջը Կը Հովանաւորեն
MICHAEL & SALPI HATSBANIAN
————————————————–