ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաքուի մօտ Ֆրանսայի դեսպանատան առջեւ Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 24ին ատրպէյճանցիներ փորձած են բողոքի ցոյց մը իրականացնել ֆրանսական «Շարլի Հեպտօ» թերթին դէմ, անցեալ շաբաթ անոր մէջ լոյս տեսած Մուհամմատ մարգարէի ծաղրանկարներուն առիթով:
Ըստ ատրպէյճանական «Ֆեքթխեպեր» լրատուական կայքին՝ ցուցարարները հակաֆրանսական կոչերով փորձած են մօտենալ դեսպանատան շէնքին, սակայն ոստիկանութիւնը կասեցուցած է անոնց յառաջխաղացքը եւ բռնի ուժով ցրուած է զանոնք՝ ձերբակալելով աւելի քան 10 հոգի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.