
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Կիրակի, Սեպտեմբեր 23ի յետմիջօրէին, Մոսկուայի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Ռուսիոյ նախկին պաշտպանութեան նախարար Փաւել Կրաչեւ, որ 64 տարեկան էր: Ան պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը վարած է 1992-1996 տարիներուն:
Այս առթիւ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցութիւն յայտնած է Մոսկուայի իշխանութեանց, իսկ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, պատուիրակութեամբ մը պիտի մասնակցի Կրաչեւի թաղման արարողութեան: