ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ ապաստան ստանալու խնդրանքով Հայաստանի տարածքային կառավարման նախարարութեան առընթեր Միգրացիոն պետական ծառայութիւն դիմում ներկայացուցած է 85 սուրիահայ ընտանիք՝ 220 անդամով: «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է ծառայութեան պետ Գագիկ Եգանեանը: Անոր համաձայն՝ ներկայ դրութեամբ Հայաստանի մէջ կը գտնուի 4000 սուրիահայ:
«Եւս 4000 սիրիահայ, ովքեր Սիրիայում քաղաքական լարուած իրադրութեան հետեւանքով գտնւում էին Հայաստանում, վերջին ամիսների ընթացքում վերադարձել են», նշած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան մէջ սուրիահայերու հարցերով զբաղող աշխատանքային խումբի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեանը: Հայաստանի մէջ սուրիահայերուն ամէնէն կարեւոր հարցը աշխատանք գտնելն է, ոմանց մասնագիտութեան համաձայն աշխատանք դասաւորելը բաւական դժուար է։ «Նրանք դիմում են մեզ՝ նշելով, որ արդէն աւարտւում են իրենց նիւթական ռեսուրսները», յայտնած է Զաքարեանը:
Հայաստանի մէջ աշխատանք գտնելու դժուարութիւնները հարթելու իմաստով Հայաստանի գործատուներու միութիւնը նաեւ կը փորձէ օժանդակել. արդարեւ, անիկա անվճար խորհուրդ ու ցուցմունք կու տայ այն սուրիահայերուն, որոնք կ՛ուզեն Հայաստանի մէջ գործարարութեամբ զբաղիլ։ Հայաստանի գործատուներու միութեան նախագահ Գագիկ Մակարեանի համաձայն՝ իրենց կողմէ կազմակերպուած խորհրդաժողովներուն ընթացքին կը քննարկուին նաեւ սուրիահայերու հարցը: «Յառաջիկայում եւս նման մի խորհրդաժողով նախատեսւում է, որին հրաւիրուած են միջազգային մասնագէտներ: Փորձ կարուի հնարաւորինս լուծում տալ սիրիահայերին աշխատանքի տեղաւորելու խնդրին», դիտել տուած է ան:
Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայ երեխաներուն կրթութեան առնչութեամբ Սփիւռքի նախարարութեան մէջ սուրիահայերու հարցերով զբաղող աշխատանքային խումբի ղեկավարը դիտել տուած է, որ դասագիրքերու ու ծրագիրերու խնդիր կայ: «Մենք ամէն ինչ անում ենք, որ սիրիահայ երեխաները Սիրիա վերադառնալուց յետոյ կարողանան շարունակել ուսումը՝ հետ չընկնելով ծրագրից: Հիմա սպասում ենք, որ Սիրիայից Երեւան բերուեն դասագրքերը: Ովքեր ցանկանում են, յետոյ ուսումը կը շարունակեն սիրիական ծրագրով, իսկ ովքեր պատրաստւում են մնալ Հայաստանում՝ ուսումը կը շարունակեն մեր կրթական ծրագրով», նշած է Զաքարեան:
Սուրիահայ երեխաները, ժամանակ չկորսնցնելու համար, ներկայիս կը յաճախեն մայրաքաղաքի տարբեր դպրոցներ, կը ծանօթանան արեւելահայերէնին։ Սուրիական դպրոցը կը գործէ Կենտրոն վարչական շրջանին մէջ գտնուող թիւ 14 դպրոցին մէջ, ուր 200է աւելի դպրոցականներուն 85-90 տոկոսը պիտի շարունակէ իր ուսումը։
Ֆիրդուս Զաքարեանի համաձայն՝ սուրիահայերուն համար վերադառնալու հարցը եւս բաւական դժուարացած է, որովհետեւ տոմսերուն գիները սղած են ու տարբեր տեսակի հարցեր կան։ «Քանի որ ազգային աւիափոխադրող «Արմաւիա» աւիաընկերութիւնը չուերթներ չի կազմակերպում, շատ սիրիահայեր տոմսերը ձեռքում չգիտեն ինչպէս վարուել: Մենք նամակով դիմելու ենք աւիաընկերութեանը, որպէսզի կա՛մ վերադարձուի տոմսերի գումարը, կամ էլ նշանակուի չուերթի օրը», յայտնած է Զաքարեան:
«Արմաւիա»ն նախապէս յայտնած էր, որ այդ տոմսերուն գիները մաս առ մաս պիտի վերադարձնէ սուրիահայերուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.