
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 20 Հոկտեմբերին, Երեւանի մէջ պիտի նշուի աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգահան, երաժիշտ, դաշնակահար Միշել Լըկրանի ծննդեան 80ամեակը։ Այս առիթով «Արմէնփրէս»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ան յայտնած է, որ հազիւ մտածէ, թէ Հայաստան՝ իր պապերուն հողը պիտի այցելէ, աւելի զգացական կը դառնայ։ Ան պատմած է, որ թուրքերուն կողմէ հայութեան դէմ գործադրուած կոտորածներուն ընթացքին իր մեծ հայրը միայն ողջ մնացած է ու փոխադրուած Ֆրանսա, ուր ծնած է իր մայրը, ապա հայութիւնը փոխանցուած է իրեն եւ իր զաւակներուն։
«Կ՛ուզեմ սեղմել բոլոր հայերուն ձեռքերը, որոնց հետ կապուած ենք անքակտելի կապերով։ Հայաստան այնպիսի երկիր է, որ տարբեր տեսակի ճնշումի ենթարկուած է, տարբեր տեսակի ողբերգութիւններ ապրած է, սակայն ուրախալի է, որ հիմա վերածնած է», պատմած է ան:
Իր երաժշտական աւանդին մասին խօսելով՝ Լըկրան դիտել տուած է, թէ գոհ է, որ տակաւին կրնայ գրել ու ստեղծագործել՝ յոյս յայտնելով, որ կրնայ շարունակել իր գործունէութիւնը աւելի նոր ու հետաքրքրական ստեղծագործութիւններ հրամցնելով երաժշտասէրներուն։
Իր ստացած մրցանակներուն մասին ուղղուած հարցումի մը պատասխանելով՝ Միշել Լըկրան նշած է, որ իրեն համար մրցանակներուն շատ ըլլալը կարեւորութիւն չունի. «Կարեւորը՝ մարդու ներքին աշխարհն է ու սիրտը, կարեւորը՝ քու սեփական գործիդ մէջ միշտ յառաջընթաց արձանագրելն է: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ այն հանգամանքը, որ անհրաժեշտ է աշխատիլ սիրով», ըսած է ան: