
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան հիւրընկալած է Համայն եզիտիներու հոգեւոր առաջնորդ Միրէ-Միրա Թախսին Բեգի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ Երեւան եկած էր Արմաւիր մարզի Ակնալիճ գիւղին մէջ տեղի ունեցած «Եզիտիներու Սրբատեղի» տաճարի բացման արարողութեան մասնակցելու նպատակով:
Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, թէ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան շնորհաւորած է հիւրերը՝ սրբատեղի-տաճարի բացման առիթով։ «Վստահ եմ, որ սրբատեղին կը դառնայ հայաստանաբնակ եզիտիական համայնքի հաւաքատեղիներից մէկը: Եզիտիների համայնքը առանձնայատուկ դեր ունի Երեւանի հասարակական կեանքում: Երեւանի քաղաքապետարանը կարեւորում է ազգային փոքրամասնութիւնների դերն ու նշանակութիւնը մեր մեծ համայնքում եւ պատրաստ է իր լիազօրութիւնների շրջանակներում համագործակցել ու աջակցել նրանց: Եզիտիների համայնքը, ինչպէս նաեւ երեւանաբնակ բոլոր ազգային փոքրամասնութիւնները, Երեւանի տարբեր մշակութային կենտրոններում միջոցառումներ իրականացնելու հնարաւորութիւն ունին, այդուհանդերձ, բոլորովին վերջերս մենք առաջարկել ենք եզիտիական համայնքին Երեւանում մշակութային կենտրոն ունենալ», յայտնած է քաղաքապետը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Համայն եզիտիներու հոգեւոր առաջնորդը յիշատակած է հայերու եւ եզիտիներու պատմական անցեալն ու անոնց միջեւ ձեւաւորուած բարեկամութիւնը. ան համոզում յայտնած է, որ այս կապը պիտի շարունակուի, աւելի եւս սերտանայ, որովհետեւ կան անոր հիմքերը, որոնց ապացոյցը Հայաստանի մէջ անոնց արժանացած ընդունելութիւնն է։
Երեւանաբնակ եզիտիներու համայնքի ներկայացուցիչները հիւրերուն ներկայացուցած են Երեւանի մէջ եզիտիներու կեցութեան եւ գործունէութեան պայմանները եւ գոհունակութիւն յայտնած՝ քաղաքապետարանին կողմէ ցուցաբերուած աջակցութեան եւ մնայուն ուշադրութեան համար: