ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքարանը, մամլոյ հաղորդագրութիւն մը հրատարակելով՝ պախարակած է Մուհամմատ մարգարէն նախատող ժապաւէնը եւ դիտել տուած, որ այդ ժապաւէնը իրաւամբ բողոքի ու ցասումի մեծ հակազդեցութեան տեղի տուած է։
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ աւելի նախապէս հրատարակուած ծաղրանկարներ ու նմանօրինակ հրատարակութիւններ եւս կրնան պատրաստուած ըլլալ միայն այնպիսիներու կողմէ, որոնք իրենք իրենց նկատմամբ վստահութիւն չունին։ Այս ձեռնարկները ո՛չ միայն իրենցմէ տարբեր եղողներուն վրայ յարձակում կը նշանակեն, այլ նաեւ կը խանգարեն ընկերային անդորրն ու խաղաղութիւնը։
«Պատրիարքարանը դիտել տու-ած է, որ մտածելու կարողութիւնը այն մեծագոյն պարգեւն է, զոր տրուած է մարդուն. բարեբախտաբար, Թուրքիա երկիր մըն է, ուր մարդիկ ողջախոհ են ու կը տեսնեն, թէ ոմանք ինչպէ՛ս կը տարածեն ատելութեան սերմերը։ Ինչպէս անցեալները ըսած էր կրօնից տեսուչ Մեհմետ Կէօրմեզ, նմանօրինակ ձեռնարկներ մարդիկը չեն բարձրացներ, այլ կը պզտիկցնեն։ Բոլորս ալ մայր նաւու մը մէջ կը ճամբորդենք միասին։ Երկիրը այնքա՛ն ընդարձակ է, որ բոլորին համար տեղ կայ ու կը բաւէ, որ մենք մեր ժխտական զգացումներով չնեղցնենք երկիրը», պատրիարքարանի հաղորդագրութիւնը մէջբերելով՝ կը գրէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։
Պատրիարքարանը իր հաղորդագրութեան մէջ հրաւէր ուղղած է, որ յարգուին բարոյական եւ սրբազան այն արժէքները, որոնց կը հաւատան մարդիկ։
Յիշեցնենք, որ Մուհամմատ մարգարէն նուաստացնող ժապաւէնին դէմ դատապարտութեան խօսք արտասանեցին նաեւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ երկու կաթողիկոսները՝ Ամենայն հայոց հայրապետ Գարեգին Բ. ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա.։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.