ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին եւ Դարուհի Յակոբեան վարժարանի շրջանաւարտներու միութեան կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Հոկտեմբեր 21ին, երեկոյեան ժամը 6ին, Կլենտէյլի Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Ռէյմոնտ եւ Անի Գույումճեան» սրահին մէջ (1510 E. Mountain Ave. Glendale, CA 91207) տեղի պիտի ունենայ բանաստեղծ Վահէ Վահեանի «Բանաստեղծին Սիրտը» նամականիին ներկայացումը: Խօսք պիտի առնեն Երուանդ Գոչունեան, փրոֆ. Օշին Քէշիշեան, Արփի Սիմոնեան եւ դոկտ. Մարզպետ Մարկոսեան:
Գեղարուեստական յայտագիրին մաս պիտի կազմեն Սալբիի եւ Սօսիի «Երկնային Տաղեր»ը, Վարդուհի Գոճայեանը եւ Մարալ Ոսկանեանը: Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.