ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- «Մենք այսօր ունենք 32.500 դրամ նուազագոյն աշխատավարձ, մեր կենսապահովման նուազագոյն զամբիւղը հաշւում է շուրջ 31 հազար դրամ: Կայ կառավարութեան որոշումը՝ նուազագոյն աշխատավարձը հասցնել 35 հազար դրամի, եւ Հրանդ Բագրատեանի օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը՝ այն բարձրացնել մինչեւ 72.500 դրամի, բայց երկուսն էլ առայժմ չեն քննարկուել ԱԺ սոցիալական հարցերով յանձնաժողովում», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց Ազգային ժողովի ընկերային հարցերով մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Յակոբ Յակոբեանը՝ անդրադառնալով նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացման հարցին։
Անոր համաձայն՝ նուազագոյն աշխատավարձը աշխատանքի արտադրողականութեան չափանիշն է: Իսկ նուազագոյն աշխատավարձը պէտք է համապատասխանէ տուեալ տնտեսական ժամանակահատուածին աշխատանքի արդիւնաւէտութեան՝ անկախ անկէ, թէ անիկա կը համապատասխանէ՞ նուազագոյն սպառողական զամբիւղին, թէ ոչ:
Ան դիտել տուաւ, որ եթէ նուազագոյն աշխատավարձը դառնայ 72.500 դրամ եւ համամասնօրէն բարձրանան միւս աշխատավարձերը, ատիկա պետական պիւտճէին շուրջ երեք հարիւր միլիառ յաւելեալ ծախսեր պիտի պատճառէ:
Ասուլիսին ներկայ Հայրենական արտադրողներու միութեան նախագահ Վազգէն Սաֆարեան նշած է, թէ «խնդիրը ոչ թէ սոցիալական քաղաքականութեան մէջ է, այլ՝ տնտեսական քաղաքականութեան. մենք պէտք է փոխենք տնտեսական քաղաքականութիւնը, որը մեզ հասցրել է այս վիճակին»: Ան նաեւ կասկած յայտնած է այն մասին, որ այս ձեւով ընթանալու պարագային՝ կառավարութիւնը կարողութիւն կ՛ունենայ իրականացնելու իր՝ 2012-2017 թուականներու նուազագոյն աշխատավարձը երկու անգամով աւելցնելու ծրագիրը: