
«Գլենդել Հիլզ» ընկերութեան Գիւմրիի տարածքի պատասխանատու Միքայէլ Ներսիսեան՝ խօսելով Գիւմրի քաղաքի Մուշ–2 թաղամասին մէջ բազմաբնակարան շէնքերը բնակիչներուն յանձնման մասին՝ յայտնած է. «Մենք ուրախ ենք եւ հպարտ, որ յատկապէս մեր ընկերութեան է վիճակուել իրականացնելու անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ ամենախոշոր, ամենամասշտաբային բնակարանաշինական ծրագիրը»։
Ընկերութեան ներկայացուցիչին համաձայն, ծրագիրը գործադրած են մեծ պատասխանատուութեամբ, «քանի որ անօթեւան ընտանիքների համար է, որոնք մօտ 24 տարի ապրել են տնակներում՝ զրկուած լինելով կենցաղային ամենատարրական պայմաններից: Նոր բնակարաններում ապահովուած են բնականոն կեանքի համար անհրաժեշտ պայմանները»:
Բնակարաններուն պատերը ներկուած են ըստ բնակիչներու նախասիրած գոյներուն։ Բնակարանները արդէն լրիւ պատրաստ են բնակութեան համար. յատակը պատուած է, տեղադրուած են փայտեայ դռներ, սալիկապատուած է, տեղադրուած է կազի կաթսայ, կազօճախ, ենթակառոյցներ։ Բնակիչներուն յանձնելէն ետք բնակարանները 1 տարուան համար երաշխաւորուած են, նաեւ կը կատարուին արտաքին բարեկարգման եւ կուպրապատման աշխատանքները։
Ընկերութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն, նորակառոյց թաղամասին մէջ արդէն կան անհրաժեշտ ենթակառուցուածքներ, թաղամասը կուպրապատուած, կանաչապատուած է, լուսաւորութեան, ջերուցման եւ կազամատակարարման համակարգեր եւ հրապարակներ կան: Առկայ են քաղաքացիներուն յատուկ տարածքներ:
Յիշեցնենք, որ նախանցեալ օր Գիւմրիի մէջ բնակիչներուն յանձնուած են 38 շէնք՝ 1756 ընտանիքներու։