
ԹԵՀՐԱՆ.- Ուրբաթ, Հոկտեմբերի 5ին, Իրանահայ գրողների միութեան հերթական հանդիպման ընթացքին ներկայացուեցան եւ քննարկուեցան իրանահայ բանաստեղծ-թարգմանիչ Վահէ Արմէնի գրական, ի մասնաւորի թարգմանական գործերը:
Հանդիպման սկիզբը միութեան նախագահ Թորգոմ Տէր Յակոբեան նախ շնորհաւորական խօսք ուղղեց միութենական բանաստեղծ Վարանդին՝ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ «Մովսէս Խորենացի» մետալին արժանանալուն առթիւ, ապա յայտնեց, որ յառաջիկայ Նոյեմբեր 9ին միութեան 60ամեայ յոբելենական ձեռնարկին համար որպէս բանախօս՝ հրաւիրուած է Հայաստանի Գրողների միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանը, նաեւ՝ մօտ օրէն միութեան նախաձեռնութեամբ պիտի կայանայ յուշերեկոյ նուիրուած «Նայիրի» հրատարակչութեան տնօրէն, «Նայիրի» օրացոյցի եւ տարեգիրքի կազմող ու հրատարակիչ Սեպուհ Ամիրխանեանին՝ անոր մահուան առաջին տարելիցին առիթով:
Այնուհետեւ, անցնելով հանդիպման բուն նիւթին, միութեան վարչութեան անդամ բանաստեղծուհի Արփի Ալեքսանդր ներկայացուց Վահէ Արմէնի կենսագրական տուեալները:
Ապա Արփի Ալեքսանդր եւ Աննա Զարգարեան ընթերցեցին Վահէ Արմէնի պարսկերէն բանաստեղծութիւններէն քանի մը հատը:
Հանդիպման յաջորդ բաժինին մէջ Վահէ Արմէնի գրականութեան առանձնայատկութիւններու հանգամանալից քննարկումով ելոյթ ունեցաւ բանաստեղծ-թարգմանիչ Տիգրան Պօղոսեանը, որ նաեւ ընթերցեց Վահէ Արմէնի գործերուն մասին գրականագէտ Թորոս Թորանեանի, բանաստեղծ-գրաքննադատ Գէորգ Քրիստինեանի եւ արձակագիր Կոլիա Տէր Յովհաննիսեանի արտայայտութիւնները, որոնք յայտնաբերեցին, որ Վահէ Արմէն իր ընտրած ուղիին վրայ լաւ ապագայ կը խոստանայ: