
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնները Հոկտեմբեր 18ին ստորագրեցին փոխըմբռնման յուշագիր՝ ուժանիւթի ոլորտին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ: Երեւանի մէջ ԱՄՆ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոն Հեֆըրն այս առթիւ անդրադարձաւ Մեծամորի հիւլէական կայանի շահագործման ժամկէտը 10 տարիով երկարաձգելու հարցին:
«Հարցի շուրջ մեր դիրքորոշումը համահունչ է միջազգայինին, որ այդ պլոքի շահագործումը պէտք է դադարեցուի 2016ին: Տեղեակ ենք, որ կայ որոշում հիւլէական կայանի շահագործման կեանքը եւս տասը տարիով երկարեցնելու մասին: Մենք պատրաստ ենք ամէն տեսակի աջակցութիւն տրամադրել՝ շահագործումը անվտանգ իրականացնելու համար», յայտարարեց Հեֆըրն:
Նշենք, որ նոյն օրը, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ հայ-ամերիկեան տնտեսական հարցերով միջկառավարական յանձնաժողովի հերթական նիստը՝ ՀՀ ելեւմուտ-քի նախարար Վաչէ Գաբրիէլեանի, ԱՄՆ փոխպետքարտուղարի տեղակալ Էրիք Ռուպինի, եւ ԱՄՆ կառավարութեան աջակցութեան ծրագիրներու համակարգող Տանիէլ Ռոզենպլիւմի նախագահութեամբ: Նիստի օրակարգին մաս կը կազմէին գործարարութեան խթանման համար առաւել նպաստաւոր միջավայրի ձեւաւորման ուղղուած հարցեր՝ շեշտադրելով հարկային եւ մաքսային քաղաքականութեան, արդար եւ հաւասար մրցակցութեան եւ մտաւոր սեփականութեան իրաւունքներուն առնչուող խնդիրները:
Մէկ օր առաջ, Էրիք Ռուպին հանդիպած էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին ու անոր հետ քննարկած էր արցախեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները: Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը ընդգծած էր, որ ԱՄՆ բարձր կը գնահատէ հայկական կողմի կառուցողական դիրքորոշումը այս հարցին մէջ ու Հայաստանի յանձնառութիւնը՝ հակամարտութեան կարգաւորմանը հասնելու բացառապէս բանակցային ճանապարհով: