
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Դեկտեմբերի 1ին, Ամսթերտամի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Մանկական Եւրատեսիլ» երգի մրցոյթը, որուն Հայաստանի կողմէ պիտի մասնակցի Compass Band մանկական «ռոք» խումբը: Փոքրիկ «ռոք»ըրները Եւրոպա պիտի մեկնին լաւագոյն երաժշտութեան հայկական ընկալումները սեփական «կողմնացոյցով» ներկայացնելու վստահութեամբ: