ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 19ին, Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց նահանգներու անգործութեան ամսական համեմատութիւնները, որոնք վերջինն են Նոյեմբեր 6ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններէն առաջ:
Ըստ տուեալներուն՝ Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին անգործութեան համեմատութիւնը նուազած է 7 նահանգներու մէջ, ուր կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն արդիւնքը կենսական կը նկատուի գլխաւոր երկու թեկնածուներուն համար: Այդ նահանգներն են՝ Օհայօ, Ֆլորիտա, Ուիսքանսըն, Քոլորատօ, Այոուա, Նեւատա եւ Հիւսիսային Քարոլայնա: Նաեւ, երկու կարեւոր նկատուող այլ նահանգներու մէջ՝ Նիւ Հեմփշիրի եւ Վըրճինիայի, անգործութեան համեմատութիւնը անփոփոխ մնացած է:
Ընդհանուր առմամբ, անգործութեան համեմատութիւնը նուազած է 41 նահանգներու մէջ, իսկ վեց նահանգներու մէջ՝ աճած: Համեմատութիւնը անփոփոխ մնացած է մնացեալ վեց նահանգներուն մէջ:
Կառավարութիւնը Նոյեմբեր 2ին պիտի հրապարակէ երկիրի տարածքին անգործութեան մասին վերջին տուեալը՝ նախքան ընտրութիւնները:
Միւս կողմէ՝ Ուրբաթ օր հաղորդուեցաւ, թէ Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին 1.7 տոկոսով նուազած է նախապէս բնակուած բնակարաններու վաճառքը՝ Օգոստոս ամսուան ընթացքին արձանագրուած մեծ աճէն ետք: Արդարեւ, Օգոստոսին արձանագրուած բնակարաններու վաճառքի համեմատութիւնը բարձրագոյնն էր վերջին աւելի քան երկու տարիներուն ընթացքին: Նաեւ, այս տարուան Սեպտեմբերին ծախուած են 11 տոկոսով աւելի բնակարաններ, քան 2011ի Սեպտեմբերին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.