
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ (ԳԱԱ) Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկը այս տարի իրականացուցած է 37 տարբեր յուշարձաններու հնագիտական պեղումներ, որոնց արդիւնքները շատ գոհացուցիչ են: «Արմէնփրէս»ին հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին նշած է նշեալ հիմնարկի տնօրէն Պաւել Աւետիսեան եւ աւելցուցած, թէ այս տարի հնավայրերուն մէջ ոչ միայն պեղումներ, այլեւ ստուգողական եւ հետախուզական աշխատանքներ կ՛իրականացուին: Տասը վայրերու մէջ պեղումները տակաւին կը շարունակուին: «Այս տարի առաջին անգամ աշխատանքներ իրականացրինք Երեւանի հարեւանութեամբ գտնուող Մասիսի Բլուր հնավայրի մէջ, որը նոր Քարէ դարի ժամանակաշրջանի յուշարձան է եւ, ըստ էութեան՝ 70ականներին անոր մեծ մասը աւերուած է, բայց շերտերը պահպանուած են: Հայ-ամերիկեան արշաւախումբը արդէն բացած է կաւածեփ կլոր յատակագիծ ունեցող շինութիւնները եւ պեղած մեծ թուով ոսկրէ, քարէ գործիքներ», ըսած է ան:
Պաւել Աւետիսեանի խօսքով՝ Մասիսի Բլուր հնավայրէն յայտնաբերուած է նաեւ իւրօրինակ գտածոյ մը, որուն վրայի պատկերները կը յուշեն, թէ անիկա ամենայն հաւանականութեամբ կը պատկանի ՆՔ 6րդ հազարամեակի առաջին կէսին, սակայն այս մէկը պէտք է հետազօտուի տակաւին: «Սա շատ լուրջ ձեռքբերում է, որովհետեւ մենք Արարատեան դաշտավայրում եւս երկու նման յուշարձան պեղել ենք եւ պեղում ենք, դա Առատաշէնն է եւ Ակնաշէնը. այդպիսով մենք կարողանում ենք այդ ՆՔ 6րդ հազարամեակի իրավիճակի մասին սկզբնաղբիւրներ ունենալ: Սա գիտական եւ ճանաչողական առումով մեծ ձեռքբերում եմ համարում», ըսած է Աւետիսեան:
Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէնին համաձայն՝ այս տարի շարունակուած են աշխատանքները նաեւ Արենի քարայրին մէջ, ուր գլխաւորաբար ամրակայման աշխատանքներ իրականացուած են:
Հնագիտական պեղումները այս տարի շարունակուած են նաեւ Հայաստանի վաղեմի տարբեր մայրաքաղաքներու՝ Երուանդաշատի, Արմաւիրի, Արտաշատի, Դուինի մէջ: «Այս տարի Դուինում շատ հետաքրիր կառոյց է բացուել, որը, սակայն, զգուշօրէն ծածկել ենք, որպէսզի չվնասուի մինչեւ յաջորդ տարուայ պեղումները: Մեր գերխնդիրն է պեղել յուշարձաններ, որոնք մեզ տուեալներ են տալիս՝ Քարէ դարի վաղագոյն փուլերից սկսած մինչեւ ուշ միջնադար», ըսած է պեղումնաբանը:
Ան նշած է, որ Հայկական լեռնաշխարհի պատմութիւնը եւ մշակոյթը հնագիտական սկզբնաղբիւրներով վերականգնելու համար, պեղումներ կ՛իրականացուին Լեռնաշխարհի բնակեցման ամենահին փուլերէն սկսեալ մինչեւ ուշ միջնադար: «Այդ ժամանակահատուածի համար տարբեր տեղերում տարբեր արդիւնքներ են գրանցուել: Օրինակ՝ անտիկ շրջանում ունենք Տիգրանակերտը, որն Արցախում է բացուել, որտեղ եւս փայլուն արդիւնքներ են գրանցուել, եւ այդ արդիւնքները տարէց տարի լրացւում են նորերով», աւելցուցած է Պաւել Աւետիսեան: