ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 23 Հոկտեմբերին Մոսկուայի «Փրեզիտընթ հոթել»ին մէջ կայացաւ հայ-ատրպէյճանական «կլոր սեղան»:
Ասիկա Ռուսիոյ մէջ ապրող երկու համայնքներու ներկայացուցիչներուն միջեւ կայացած առաջին հանդիպումն էր, որ կազմակերպուած էր Ռուսիոյ հայերու միութեան եւ Համաշխարհային քոնկրեսի ղեկավար Արա Աբրահամեանի կողմէ:
Հայկական կողմէն հանդիպման ներկայ էին Արա Աբրահամեանը, Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Արմէն Սմբատեանը, հանրայայտ դերասան եւ բեմադրիչ Արմէն æիգարխանեանը, այլ մտաւորականներ, ատրպէյճանական կողմէն՝ համայնքային տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներ:
Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հայկական ծառայութեան այն հարցումին, թէ նման նախաձեռնութիւն մը ի՞նչ ձեւով կ՛ընդունուի Պաքուի մէջ, ատրպէյճանական համայնքի ղեկավար Ապաս Ապասովը յայտնած է, որ իրեն ամենեւին չի մտահոգեր այն, թէ ինչ պիտի ըսեն Պաքուի կամ Երեւանի մէջ, իրեն համար շատ կարեւոր է, որ Մոսկուայի մէջ, ուր միլիոնաւոր հայեր եւ ատրպէյճանցիներ կ՛ապրին, տիրէ համերաշխութիւն, եւ երիտասարդ հայերն ու ատրպէյճանցիները իրարու հետ հակամարտութեան մէջ չըլլան, այլ բարեկամական կապեր ունենան։
Հանդիպումէն ոչ մէկ քաղաքական յայտարարութիւն կամ քննարկում հրապարակուած է։
«Ազատութիւն» կայանը հարց տուած է, որ արդեօք հայկական կողմը փորձա՞ծ է խօսիլ նաեւ ատրպէյճանցի մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի առնչութեամբ, եւ արդեօք տեղին չէ՞ր ըլլար, եթէ Ռուսիոյ ատրպէյճանական համայնքի այս ներկայացուցիչները Ատրպէյճանի մէջ Սաֆարովի հերոսացումը դատապարտող յայտարարութիւն մը կատարէին՝ Արա Աբրահամեան արձագանգեց, որ դեռ ժամանակը չէ: Ընդգծելով, որ ասիկա նմանատիպ առաջին հանդիպումն է 20 տարուան ընթացքին՝ Ռուսիոյ հայերու միութեան նախագահը համոզմունք յայտնեց, որ այդ հանդիպումները պիտի շարունակուին, եւ պիտի գայ օրը, երբ անոնց ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ նաեւ քննարկել քաղաքական հարցեր։
«Կլոր սեղան»ի մասնակիցները պաշտօնական յայտարարութիւն չեն հրապարակած, փոխանցուած է, որ նման յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գան հետագային։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.